2016-06-03 09:23:00

2016 տարին ողորմութեան սուրբ տարի


Աստուծոյ Ողորմածութիւնը  (Ժ)

Ողորմածութիւն կը նշանակէ ունենալ գութ, ներողամտութիւն եւ կատարել բարի գործեր։ Յիսուս ինք կʼըսէ՝ թէ մեզ պիտի դատէ ըստ մեր գործերուն, որոնք կատարեցինք ուրիշին հանդէպ եւ կամ որոնք զլացանք ուրիշներուն։ «Ճշմարիտ կʼըսեմ ձեզի, որովհետեւ այդ ամէն բարիքները իմ փոքրիկ եղբայրներէս մէկուն ըրիք՝ ինծի ըրած եղաք ... Ճշմարիտ կʼըսեմ ձեզի, որովհետեւ այդ բարիքները չրիք այս փոքրիկներէն մէկուն՝ ուրեմն ոչ ալ ինծի ըրած եղաք։» (Մտթ ԻԵ. 40-45) «Հայր Մեր» աղօթքը սորվեցնելէ ետք Յիսուս կʼըսէ, «որովհետեւ եթէ դուք մարդոց անոնց հանցանքերը ներէք՝ ձեր Երկնաւոր Հայրը ձեզի պիտի ներէ»։ (Մտթ Զ. 14)

Սիմէոն Ա. Երեւանցի, որ Էջմիածնի Կաթողիկոս եղած է 1763-1780 թուականներուն, ունի «Պարտավճար» անունով յոյժ շահեկան երկ մը, որուն մէջ կը բացատրէ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատքը։ Հայրապետը այնտեղ կը գրէ հաւատքի եւ բարեգործութեան առընչութեան մասին հետեւեալ խօսքերով՝

«Թէեւ աստուածպաշտութեան հաւատքը մէկ է, եւ կարող է հաւատացեալը երկինք հանել եւ Աստուծոյ արքայութեան ժառանգին արժանացնել, սակայն հաւատքը առանձին բաւարար չէ։ Իբր օգնական եւ ձեռնտու ան կը պահանջէ բարի գործեր, որոնցմով կʼիրականացնէ եւ ցոյց կու տայ իր ներգործութիւնը։ Ասոր համար, հաւատքը երկու տեսակ է՝ կենդանի եւ մեռեալ։

Կենդանի հաւատքը այն է, որ բարեգործութեամբ զարդարուած է։ Հաւատացողը գործով կը կատարէ եւ արդիւնքներով ցոյց կու տայ այն՝ ինչ բանի ան կը հաւատայ։ Այս երկու թեւերով հաւատացեալը երկինք կը թռչի եւ հոն կʼելլէ անվտանգ՝ այսինքն հաւատքով եւ բարեգործութիւններով։ Իսկ մեռեալ հաւատքը այն է, զոր հաւատացեալը թէեւ խօսքով կը խոստովանի եւ ինքզինքը ճշմարիտ հաւատացեալ կը կոչէ, բայց զուրկ է եւ դատարկ բարի գործերէ։ Որովհետեւ այն բանին, որուն բերանով կը հաւատայ, նոյնը գործով եւ արդիւնքներով ցոյց չի տար։ Ասոր համար այս հաւատացեալները՝ ըլլալով միաթեւանի, չեն կրնար երկինք հասնիլ, այլ դեւերու կողմէ հարուած կրելով՝ կʼիյնան վար՝ դժողք։

Արդ, թէպէտ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հաւատքը եւ դաւանութիւնը ճշմարիտ է, անարատ, եւ կատարեալ ամէն բանի մէջ՝ ինչպէս վերեւ ցոյց տուինք, սակայն ա՛յն ժամանակ միայն կրնայ մեզ երկինք հանել եւ Քրիստոսի տեսութեան արժանացնել՝ երբ բարեգործութիւններով զարդարուած է. իսկ եթէ ո՛չ՝ մեզի ամենեւին օգտակար չի կրնար ըլլալ։

Որովհետեւ ոչ միայն ախթարմաներ (դաւանափոխներ) եւ անհաւատներ, այլ նաեւ Քրիստոսի ճշմարիտ հաւատացողները, խարազանազգեացները եւ հրաշագործները՝ եթէ հաւատքի հետ միասին բարի գործեր չունին՝ չեն կրնար Քրիստոսի հաճոյ ըլլալ եւ անոր արքայութիւնը ժառանգել։ Որովհետեւ այնպիսիներուն, որոնք մի´այն կը հաւատան՝ կʼըսէ Յիսուս – ’շատեր պիտի ըսեն ինծի այն օրը՝ Տէ՛ր Տէ՛ր՝ չէ՞ որ քու անունովդ մարգարէացանք, դեւեր հանեցինք, եւ բազմաթիւ հրաշքներ գործեցինք. արդ ինչու՞ մեզ չես ճանչնար։ Անոնց պիտի ըսեմ՝ հեռացէք ինձմէ, որովհետեւ ձեզ չեմ ճանչնար։’ Եւ ուրիշ տեղ մը կʼըսէ՝ ’ոչ այն բոլորը որ ինծի Տէ´ր Տէ´ր կʼըսեն, երկնքի արքայութիւն պիտի մտնեն, այլ անոնք՝ որոնք Հօրս կամքը կը կատարեն։’

Յիմար կոյսերը այսպիսի լոկ հաւատացողներ էին, որոնց լապտերները, այսինքն հաւատքը, չունէր բարեգործութեան իւղը։ Այսպիսիներ էին քանքարաթաքոյց ծառաները, որոնք հաւատքը բերգործութեամբ չշահաբերեցին։ Ի՞նչ օգուտ է լապտերը, որ չունի իւղը՝ որով պիտի վառի։ Ի՞նչ օգուտ է դրամը՝ թաղուած հողին տակ, եւ չի գործածուիր եւ անպէտ է։ Ի՞նչ օգուտ է տերեւալից եւ վարսազարդար թզենին՝ որ պտուղ չունի։ Ասոր համար նաեւ անէծք ստացաւ Քրիստոսէ՝ նման անոնց, որոնք միայն կը հաւատան։”








All the contents on this site are copyrighted ©.