2016-06-02 13:11:00

Քահանաներու Յոբելեան ու Հոգեւոր կրթութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին առաջին խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 2 յունիս 2016-ին, Քահանաներու Յոբելեանի շրջագիծէն ներս, տեղի ունեցաւ միօրեայ Հոգեւոր կրթութիւն, որուն խորհրդածութիւնները ներկայացուց նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած քահանաները։

Առաջին խորհրդածութիւնը տեղի ունեցաւ Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքային մէջ որուն գլխաւոր նիւթը հանդիսացաւ ողորմութիւնը։

''Բարի լոյս սիրելի քահանաներ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, կը սկսինք Հոգեւոր կրթութեան այս օրը եւ կարծեմ թէ հարմար ու լաւ է աղօթել մէկը միւսին համար, այսինքն հաղորդութեամբ, ու նշեց թէ ինք ընտրած է ''ողորմութեան'' նիւթը եւ թէ խորհրդածութիւնը պիտի սկսի  ներածականով որուն մէջ անդրադարձաւ ''ողորմութիւն'' բառին ` ըլլայ իգական ըլլայ արական  իմաստով հաստատելով թէ ողորմութիւնը պտուղն է դաշինքի մը ու միեւնոյն ատեն բարութեան ձրի ''ներգործութիւն'' մըն է։ Հայրը մեզի միշտ թիկունք կը կանգնի կը ներէ եւ իր զաւակները դարձեալ կը դնէ ուղիղ ճանապարհին վրայ։

Երբ ողորմութեան մասին խորհինք յատուկ երեւոյթ մը կ՛իրականանայ­, ըսաւ Սրբազան Հայրը, դիտել տալով թէ մենք միշտ կարիքը ունինք զղջումի եւ ապաշխարութեան ինչպէս նաեւ նորոգուած սիրոյ։ 

Ոչ մէկ բան աւելիով կարող է միացնել Աստուծոյ եթէ ոչ  ողորմութեան ներգործութիւն մը­, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ըլլայ այն ողորմութիւնը որով Տէրը մեր մեղքերը կը ներէ, ըլլայ այն շնորհքը որով մենք եւս կը կատարենք ողորմութիւնը Իր անունով։ Ոչ մէկ բան աւելիով կը լուսաւորէ հաւատքը, եթէ ոչ մեր մեղքերուն քաւութիւնը` ''Երանի ողորմածներուն որովհետեւ ողորմութիւն պիտի գտնեն''։

Ողորմութեան կարելի է կիրառել Յիսուսին ուսուցումը ''ինչ չափով չափէք, նոյնով դուք պիտի չափուիք'' (Մատթ 7,2) յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով այն խոստովանահայրերուն որոնք անհամբեր են ու միշտ կը յանդիմանեն ապաշխարողները...Աստուած անոնց հետ  պիտի վարուի նոյն ձեւով, ըսաւ Ան ու թելադրեց այդ մօտեցումը չունենալ։

Երբ կը գործենք ողորմութեամբ, այնպէս ինչպէս պատահած է հացերու բազմացումի հրաշքի ընթացքին, որոնք ծնունդ առին Յիսուսին գթութենէն, հացերը կը բազմանան այնքանով որ անոնք կը բաժնեկցուին­, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա հոգեւոր կրթութեան մասնակցող քահանաներուն ներկայացուց երեք առաջարկներ։

''Ուրախ եւ ազատ ընտանութիւնը որ կը հաստատուի բոլոր անոնց միջեւ որոնք իրարու հետ կը յարաբերուին ողորմութեան կապով, զիս կը մղէ ձեզի ներկայացնելու երեք  առաջարկներ ձեր անձնական աղօթքին համար ըսաւ Քահանայապետը նշելով թէ անոնցմէ առաջին երկուքը Սուրբ Ինքնատիոսի տուած խրատներէն է ''Շատ գիտելիքը չէ որ կը լրացնէ ու կը բաւարարէ հոգին, այլ Աստուծոյ բաները ներքնապէս զգալ ու զանոնք վայելելն է''։Սուրբ Իքնատիոս արդարեւ կ՛առաջարկեր մնալ այնտեղ ուր գոհունակութիւնը կ՛ընդունինք։ Եթէ սկսինք Տէրը փառաբանել մեզ հրաշալի օրէն ստեղծած ըլլալուն համար ու աւելի հրաշալի կերպով մեզ փրկած ըլլալուն համար, այս մէկը մեզ կը մղէ գիտակցելու մեր մեղքին ու ներում խնդրելու անոր համար։ Եթէ սկսինք գթութիւն ցուցաբերել աղքատներուն ու անտեսուածներուն մենք եւս պիտի զգանք կարիքը ողորմութիւնը ընդունելու։ 

Աղօթելու երկրորդ առաջարկը կը հայի ողորմութիւն բառի գործածութեան։ Ինչպէս նշմարեցիք ես յաճախ կ՛ըսեմ հարկաւոր է ողորմութիւն տալ որպէսզի ողորմութիւն ընդունինք, ողորմիլ որպէսզի ողորմութիւն ընդունինք։ Իսկ երրորդ առաջարկը կը հայի հոգեւոր կրթութեան պտուղներուն, այսինքն շնորհքը զոր պէտք ենք խնդրել, դառնալու համար քահանաներ` միշտ աւելի կարող ընդունելու եւ շնորհելու ողորմութիւնը, ներառեալ մեր մտածողութեան ծիրէն ներս։ Եթէ մեր կառոյցները չ՛օգտագործուին ընդունելու համար Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ ուրիշներուն հետ ողորմած ըլլալու, անոնք կը դառնան ապարդիւն­, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով ներածականը եւ ակնարկեց առաջին խորհրդածութեան նիւթին ''հեռաւորութենէն դէպի տօնախմբութիւն''։

Սրբազան Հայրը հրաւիրեց նայիլ ո՞ւր կը գտնուի աշխարհը այսօր, հաստատելով թէ ամէն անձ կարիքը ունին Աստուծոյ անսահման սիրոյն, Ան ապա որպէս խորհրդածութիւն նիւթ առաջարկեց Ողորմած Հօր առակը (Ղուկաս 15, 22-31) ակնարկելով անառակ որդիին իրավիճակին որ վատնելէ ետք հօր հարստութիւնը կը գտնուէր վատ կացութեան մը մէջ եւ յիշեց հօր տունը եւ այնտեղ վայելած առատութիւնը ու կարօտը պատեց անոր սիրտը։ Կարօտը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մեր հոգին կը լայնցնէ ապա ակնարկեց առակի երկրորդ հատուածին` այն պահուն երբ Հայրը կը փութայ տուն վերադարձած զաւկին մօտ­, կը նետուի անոր վիզը եւ կը համբուրէ զինք ու անոր ձեռքը կ՛անցնէ մատանին ապա անառակ որդին կը մտնէ տուն` մաքուր հագուստներով ուր իրեն համար տօնախմբութիւն մը կը կատարուի։  Այսպէս կը պատահի նաեւ մեզի երբ կը խոստովանինք ու մենք մեզ կը գտնենք ''վերզգեստուած''­, ըսաւ Նորին Սրբութիւն ընդգծելով Հօր Աստուծոյ գթութիւնն ու ողորմութիւնը մեզի հանդէպ։ Այն Հայրը որ դուրս կու գայ մեզ մեղաւորներս փնտռելու, ու մեզ կը բիւրեղացնէ ու  վերանորոգուած մեզ կ՛ուղարկէ ուրիշներուն տանելու ողորմութիւնը։

Մեր միակ գանձը Յիսուսի արիւնն է որ կը բիւրեղացնէ եւ կը խաղաղեցնէ ամէն ինչ ու իւրաքանչիւրս։ Տիրոջ արիւնը որ կը ներէ մեղքերը։ Արիւնը որ է իսկական ըմպելի որ յարութիւն ու կեանք կու տայ անոր որ մեռած էր մեղքի պատճառաւ։ Մեր աղօթքին մէջ խնդրենք շնորհքը ընդունելու ողորմութիւնը եւ շնորհքը ընդունելու Աստուծոյ սրտին տրոփումը որ միանայ մեր սրտի տրոփումին, ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ ակնարկեց Սիմոն Պետրոսին որ Տիրոջ կը ներկայանայ որպէս ձկնորս եւ Յիսուս անոր կու տայ Պետրոս անունը։

Հայրը կը փափաքի խնճոյք սարքել վերահաստատելու համար կապը եւ իր զաւկին վերաշնորհելու կորսուած արժանապատուութիւնը ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ այս մէկը կարելիութիւն կու տայ ապագային նայելու նոր աչքերով։ Ողորմութիւնը յուսալից է հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ  խորհրդածութեան վերջին մասը յատկացնելով ողորմութեան չափազանցութիւններուն հաստատելով թէ  միակ չափազանցութիւնը Աստուծոյ ծայրայեղ ողորմութեան դիմաց այն է չափազանցել զայն ընդունելով ու զայն հաղորդելով ուրիշներուն ապա նշեց թէ Ողորմութիւնը արդարեւ հեռաւորութիւնը կը մօտեցնէ ու անցք կը դառնայ հեռաւորութենէ դէպի տօնախմբութիւն ու հրաւիրեց ներկաները միասնաբար աղօթելու ''ողորմեա ինձ Աստուած'' սաղմոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.