2016-06-02 10:28:00

Սուրբ երկրի մէջ երիտասարդ իսրայէլացիներ քարկոծած են խումբ մը քրիստոնեաներ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 28 մայիս 2016-ին, Սուրբ երկրի  Սրբուհի Թերեզայի հասարակութեան պատկանող եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ խումբ մը հաւատացեալներ, որոնք եկած էին Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան տօնի սուրբ Պատարագի զոհին  մասնակցելու­ քարկոծումի ենթարկուեցան 14 ամեայ  երիտասարդ իսրայէլացիներուն կողմէն։

Սոյն տխուր դէպքին ի լուր, Լատինաց Պատրիարքի տեղակալ Գերապայծառ  Վիլիամ Շոմալի արտայայտեց իր խորին մտահոգութիւնը ընդգծելով անհրաժեշտութիւնը,  իսրայէլացի երիտասարդներուն  շնորհել դաստիարակութիւն մը  ,որ հիմնուած ըլլայ ՝ փոխադարձ յարգանքի եւ իրենց դաւանած հաւատքի սկզբունքներուն վրայ։

 Գերապայծառ Շոմալի հաւատացեալներու քարկոծման այս դէպքը համարած է տխուր դէպք մը,  նախ եւ առաջ որովհետեւ հաւատացեալներուն մեծամասնութիւնը կիներ էին եւ  անոնք կ՝աշխատին Ռեհովոթ շրջանի  հրէաներուն տուներուն մէջ, երկրորդ՝ որովհետեւ դէպքը պատահած է աղօթքի պահուն։

Լատինաց Պատրիարքի տեղակալը ապա զգուշացուցած է արհամարհանքի մշակոյթի վտանգէն ու  հրաւէր ուղղած է լուծումներ գտնել՝ դադրեցնելու համար ընկերութեան ծայրայեղական արարքները։

Նշենք, թէ Լատինաց Պատրիարքի տեղակալը յետ վերոնշեալ տխուր դէպքին, կոչ ուղղած  է նաեւ դրամահաւաք կատարելու՝ Ռեհովոթ շրջանի հաւատացեալներուն ապահովելու աւելի մեծ եւ անվտանգ աղօթատեղի մը։

Յայտնենք, թէ Ռեհովոթ շրջանի կաթողիկէ համայնքը վերջին տարիներուն մեծ աճ արձանագրած է  ու անոնց մեծամասնութիւնը կազմուած է Հնդկաստանէն. Սրի լանքայէն եւ Ափրիկէէն ինչպէս նաեւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբէն ժամանած գաղթականներէ եւ աշակերտներէ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.