2016-06-02 13:16:00

Գերմանիոյ Պունտեսթակը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը


Գերմանիոյ Պունտեսթակը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որ ունի «1915 թուականի հայերու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակի եւ ոգեկոչման մասին» անուանումը:

Բանաձեւը ընդունուեցաւ ունենալով ընդամէնը մէկ դէմ, մէկ ձեռնպահ ձայն:

Ելոյթ ունեցողները միաձայն ընդգծեցին անցեալի հետ առերեսման անհրաժեշտութիւնը, նաեւ` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցման գործընթացին նպաստելու մղումները:

Պունտեսթակի մէջ բարձրաձայնուած է Օսմանեան Թուրքիոյ ոճրագործութեան մասին` նշելով, որ Գերմանիոյ քայլը ոչ թէ հայց է եւ մեղադրանք, այլ խոնարհում զոհերու յիշատակին առջեւ:

Պունտեսթակի նախագահ Նորպերթ Լամերթը յայտարարած է խիզախութեան դրսեւորման եւ անցեալի մութ էջերու հետ առերեսուելու անհրաժեշտութեան մասին: «Անցեալի հետ առերեսումը մեզի համար կրնայ ցաւոտ ըլլալ, սակայն միեւնոյն ժամանակ կրնայ ըլլալ  ազնիւ եւ ինքնաքննադատական մօտեցում սեփական անցեալին նկատմամբ: Ատիկա կարեւոր է այլ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու կառուցման տեսանկիւն, որուն համար պէտք է խիզախութիւն` փոխըմբռնման եւ հաշտեցման հասնելու համար»,-«Արմենփեսե»ի հաղորդմամբ` ըսած է Լամերթը:

Բանաձեւը համատեղ կազմած եւ ներկայացուցած են Քրսիտոնէա-ժողովրդավարական միութիւն (CDU) եւ Քրիստոնէական-ընկերվարական միութիւն (CSU), ընկերվար-ժողովրդավարական (SDP) եւ ընդդիմադիր Կանաչներու կուսակցութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.