2016-06-01 09:28:00

Միջերկրականի մէջ խեղդամահ եղած գաղթականներուն թիւը մտահոգիչ աճ կ՛արձանագրէ


ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի գաղթականներու գրասենեակին կողմէ Մայիս 31ին հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, անցեալ շաբթուան ընթացքին ապօրինի միջոցներով եւ անապահով նաւերով Եւրոպա հասնելու ճամբուն վրայ առնուազն 880 գաղթականներ մահացած են Միջերկրական ծովուն մէջ։

Այս տարուան ընթացքին, Միջին Արեւելքէն եւ հիւսիսային Ափրիկէէն 2510 գաղթականներ խեղդամահ եղած են Միջերկրականի մէջ, մինչ այդ թիւը 1855 էր 2015ի առաջին 5 ամիսներուն ընթացքին։

Նաեւ, այս տարուան ընթացքին մահացածներուն մեծամասնութիւնը՝ 2119 հոգի, Լիպիայէն ճամբայ ելած գաղթականներ են։

Անոնց կողքին, այս տարուան առաջին 5 ամիսներուն, Միջին Արեւելքէն եւ հիւսիսային Ափրիկէէն մօտաւորապէս 204,000 ապօրինի գաղթականներ կրցած են Եւրոպա հասնիլ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.