2016-06-01 09:17:00

Բացուած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած հերոսներուն նուիրուած յուշակոթողը


Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ներկայ  գտնուած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած հերոսներուն նուիրուած յուշակոթողի բացման արարողութեան: Այն Թաթուլ Կրպէյեանի անուան զբօսայգիին մէջ տեղադրուած է Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի ուսանողական խորհուրդի եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ: Յուշակոթողի հեղինակն է քանդակագործ Վարդան Յարութիւնեան:

ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ` վարչապետ Աբրահամեան ծաղիկներ զետեղած է յուշակոթողին եւ արցախեան հերոսամարտին զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն` յարգանքի տուրք մատուցելով անոնց յիշատակին:








All the contents on this site are copyrighted ©.