2016-05-31 13:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին մատրանապետերուն ուղղած պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Խորապէս երախտապարտ եմ եւ  աղօթքով նեցուկ կը կանգնիմ բոլոր անոնց  որոնք ջանք կը թափեն պաշտպանելու համար բանտերու մէջ գտնուող մարդոց մարդկային արժանապատուութիւնը՝՝    Այսպէս գրուած է` Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող  Ֆրանչիսկոս Պապին, պատգամին մէջ  ուղղուած` Սթրազպուրկի Եւրոխորհուրդի մէջ կայացող բանտերու եւրոպայի մատրանապետներու հանդիպման մասնակիցներուն։

Սրբազան Հայրը նամակին մէջ  գնահատելով Եւրոպական խորհուրդի ձեռնարկին կազմակերպիչները յատուկէն շնորհակալութիւն կը յայտնէ բանտերու մատրանապետերուն ողորմութեան սուրբ Տարուան առթիւ  բանտարկեալներուն նկատմամբ տածած հոգածութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը մէջբերումներ կատարած է Ողորմութեան Սուրբ Տարուան առթիւ հրապարակուած` ընդհանրական մեղքերու թողութեան հայող կոնդակէն, յատկապէս մատնանշելով բանտերուն եւ բանտարկեալներուն։ ։

Ողորմութեան Սուրբ Տարուան կոնդակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատած է, թէ բոլոր անոնք որոնք բանտերու մատուրներու դուռէն՝ աղօթք կատարելով անցք կը կատարեն, պիտի ստանան իրենց մեղքերու ընդհանուր թողութիւն։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.