2016-05-31 14:00:00

Կայացաւ Մեսրոպեան Վարժարանի տարեկան բարեսիրական ընթրիքը


Հայ դպրոցին ու հայ աշակերտին նկատմամբ բարեկամութեան եւ զօրակցութեան տօն հանդիսացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տարեկան բարեսիրական ընթրիքը, որ տեղի ունեցաւ 27 Մայիս 2016-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ Պօղոսեան սրահին մէջ, Պէյրութ, ներկայութեամբ 115 հրաւիրեալներու՝ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի հոգեւորական եւ աշխարհական դասի ներկայացուցիչներ, միութենական պատասխանատուներ, նախկին եւ ներկայ պետական պաշտօնատարներ, Հայաստանի հիւպատոսը, ինչպէս նաեւ բարերարներ՝ Լիբանանէն եւ արտասահմանէն:

Ընթրիքը կայացաւ հովանաւորութեամբ  Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Արհի. Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ նախագահութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի բարերար պարոն Վարուժ Ներկիզեանի:

Ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի իր խօսքին մէջ, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ըսաւ, որ չկայ աւելի մեծ ուրախութիւն քան այն գիտակցութիւնը, որ տնտեսական դժուարին պայմաններու մէջ մանուկներու եւ պատանիներու դաստիարակութիւնը ստանձնած հաստատութիւն մը, եւ այդ մանուկներուն ծնողները, իրենց կողքին ունին բարեկամութիւնը անձերու, որոնք խորապէս կը գիտակցին կրթութեան կարեւորութեան:

Պարոն Գալուստ ներկաները իրազեկեց կարեւոր իրադարձութեան մը մասին, որ տեղի ունեցած էր նոյն օրը առաւօտեան. կայացած էր պաշտօնական վաւերացումը յատուկ Մեսրոպեանի համար ստեղծուած կրթանպաստներու նոր ծրագրի մը՝  “Ռաֆիք” անունով: Ծրագիրը կը հովանաւորէ Մեսրոպեանի նորագոյն բարեկամը՝ պարոն Ուիսամ Մուքահալ, որ ընթացիկ տարեշրջանին 15 հազար ամերիկեան տոլարի օժանդակութիւն կատարեց վարժարանի կարիքաւոր սաներու ֆոնտին: Ան ողջունեց պարոն Մուքահալը եւ տիկինը՝ ընթրիքին ներկայութեան առիթով (Տնօրէնին խօսքը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ Մեսրոպեանի պաշտօնական կայքին վրայ):

Ապա խօսք առաւ ընթրիքի նախագահը՝ յայտնի գործարար եւ բարեգործ պարոն Վարուժ Ներկիզեան: Ան մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեանի մէջ տարուող կրթական եւ դաստիարակչական գործը, որ յառաջընթաց կ՛արձանագրէ տարուէ տարի: Պարոն Ներկիզեան անգամ մը եւս արտայայտեց իր անվերապահ վճիռը Մեսրոպեանին թիկունք կանգնելու մասին, քաջալերելու համար զարգացումը որպէս ճանապարհ ընտրած այս հաստատութիւնը՝ իր առաքելութեան մէջ:

Ընթրիքի փակման առիթով իր հայրական խօսքին մէջ, Գէորգ եպս. Ասատուրեան ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը պատիւ կը բերէ Հայ կաթողիկէ համայնքին, գլխաւորաբար զարգացման իր ընթացքով, որուն ականատեսն են բոլորը եւ որ ուղղուած է հայ աշակերտի մտաւոր եւ հոգեւոր զարգացման կարիքները հոգալուն:

Անկեղծ բարեկամութեան մթնոլորտի մը մէջ, ներկաները նուիրուատուութիւններ կատարեցին Մեսրոպեանի կարիքաւոր աշակերտներու ֆոնտին. նուիրատուութիւններու չափը կազմեց 107,950 ամերկեան տոլար:

Ընթրիքին հանդիսավարեց տիկին Ալի Խալիլ. Գեղարուեստական մասով ելոյթներ ունեցան Ճորճիօ Քէօշկէրեան՝ երգ, Յակոբ Քելուքեան՝ դուդուկով եւ պարոն Գէորգ Քէօշկէրեան՝ դհոլի վրայ:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.