2016-05-30 13:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 30 մայիսի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 30 Մայիսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Ս. Պատարագի քարոզին մէջ, անդրադարձաւ օրուան Մարկոսի Աւետարանի ընթերցումին, ուր Յիսուս քահանաները, դպիրներն ու ժողովուրդի ծերերը կը մեղադրէ, որովհետեւ չէին ուզեր ընդունիլ Աստուծոյ պատգամը, չէին ընդունիր Աստուծոյ Հոգին գործը։ (հմմտ. Մրկ ԺԲ. 1-12)

Քրիստոնէական կեանքին մէջ, շեշտեց Սրբազան Պապը, պէտք չէ փակուիլ օրէնքներու կառոյցի մը սահմաններէն ներս, այլ պէտք է տեղ տրամադրել “յիշողութեան”, “մարգարէութեան” եւ “յոյսի”։

Օրէնքի կառոյցը կը սահմանափակէ հորիզոնները, մինչ մարգարէութեան ազատագրող շունչը կը գերազանցէ սահմանները։ Կեանքին մէջ օրէնքներու հանդէպ չափազանցուած վստահութիւն կայ։ Այս չափազանցութիւնը կը խեղդէ “յիշողութեան արժէքը եւ Հոգւոյն աշխուժութիւնը”։

Դպիրներն ու քահանաները կազմակերպուած էին լաւագոյնս, սակայն անոնք կը ստրկացնէին մադիկ։ Այս նախադրեալի հիման վրայ կարելի հասկնալ նաեւ Պօղոս առաքեալի խօսքերը, ուր կը յիշէ օրէնքի ենթարկուած ստրկութիւնը եւ ասոր հակառակ՝ ազատութիւնը, որ շնորհքի ներգործութեան արդիւնքն է։ Ժողովուրդ մը կամ Եկեղեցի մը ազատ է ա´յն ժամանակ՝ երբ կը պահէ անցեալի յիշատակը, երբ կը թոյլատրէ մարգարէութիւնը եւ չի կորսնցներ յոյսը։

Սրբազան Պապը յանձնարարեց խորհրդածել հետեւեալ հարցերուն շուրջ – Արդեօք կը յիշե՞մ այն հրաշքները, որոնք Տէրը կատարեց իմ կեանքիս մէջ։ Կը յիշե՞մ Տիրոջ պարգեւները։ Կարո՞ղ եմ բաց սրտով ընդունիլ մարգարէները՝ այսինքն անոնք, որոնք ինծի ցոյց կու տան ուղիղ ճանապարհը եւ կը քաջալերէն ընթանալ յառաջ։ Արդեօք յուսալի՞ր եմ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ՝ ինչպէս մեր հայրը Աբրահամ, որ կը թողուր իր ծննդավայրը առանց գիտնալու թէ ու´ր պիտի երթայ։ Ան յոյսը դրած էր մի´այն Աստուծոյ վրայ։

Վերջապէս, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ ընդգծեց՝ թէ Աւետարանի մէջ յիշուած այգին Աստուծոյ ժողովուրդին, Եկեղեցւոյ եւ մեզմէ իւրաքանչիւրի հոգիին պատկերն է։ Հայր Աստուած միշտ մեծ սիրով եւ քնքշութեամբ խնամք կը տանի այդ այգիին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.