2016-05-30 15:01:00

Սարկաւագ Միշել Ժանժէի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 30 Մայիս 2016-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայկական Եկեղեցւոյ մէջ, Լիբանանէն այս առթիւ ժամանած` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական` Պէյրութի թեմին օգնական եպիսկոպոս Արհ գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Արժանապատիւ Տէր Միքայէլ Սարկաւագի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լեւոնեան Վարժարանի տեսչական ու աշակերտական կազմը, Հռոմի հայ համայնքի պատասխանատուներն ու անդամները, Մխիթարեան միաբանութեան հայրեր, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանակից քոյրեր, Ռատիօ Վատիկանի տնօրէնութեան ներկայացուցիչներ եւ աշխատակիցներ,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի բանբեր` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար` Գերապայծառ Թոմազի եւ այլ եկեղեցական անձնաւորութիւններ  ինչպէս նաեւ ննջեցեալին բազմաթիւ բարեկամներ ու ծանօթները։

Եկեղեցւոյ նստարաններու առաջին շարքին տեղ գրաւած էին Տիար Միշել Ժանժէյի տիկինը Սոնա Նիւրբեթլեան ու անոր երկու դուստրերը` Քրիստին եւ Միշել ու անոնց ամսուինները։

Միշել Ժանժէյ ծնած էր 13 Յուլիս 1945-ին Հալէպի մէջ ուր անցուցած է նաեւ իր մանկութիւնը։ Երիտասարդ հասակին անոր ծնողքը ու ժողովրդապետը զինք կ՛ուղարկեն Լիբանան ուր կը յաճախէ Զմմառու նորընծայարանը։ 18 տարեկանին կը ղրկուի Հռոմի Լեւոնեան Վարժարան ուր ամբողջացնելէ ետք Փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական ուսումները կը վերադառնայ իր ծննդավայրը` Հալէպ, ուր կը նուիրուի եկեղեցւոյ ծառայութեան ու միեւնոյն ժամանակ կ՛ընտրէ ամուսնական կեանքը եւ կը պսակուի Սոնա Նիւրբեթլեանին հետ որուն հետ ապա կը փոխադրուի Ֆրանսա` Լիոն Քաղաք ուր ամոլը կը հաստատուի եւ ուր կը ծնին անոնց երկու դուստրերը Քրիստին եւ Միշել։

Ութսունական թուականներուն, այդ ժամանակուայ Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւոր` Հայր Գէորգ Վրդ Զապարեան, Տիար Միշել Ժանժէէն կը խնդրէ Հռոմ փոխադրուիլ ու իրեն աջակցիլ, Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի գործունէութիւնը յառաջ տանելու նպատակով։

1991-ին Միշել Ժանժէն կը յաջորդէ Հայր Գէորգ Զապարեանին`Ռատիովատիկանի Հայկական բաժնի տնօրէնութեան պաշտօնին վրայ, որ կը վառէ մինչեւ 2011 թուական։ Միեւնոյն ատեն կը նուիրուի Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ու Հռոմի Հայ Համայնքի ծառայութեան։

Սարկաւագ Միշել Ժանժէյ, որ սարկաւագական կարգը ընդունած է 16 յունուար 1994-ին, բոլորէն ճանչցուած էր որպէս  բազմակողմանի գիտութեամբ և ձիրքերով օժտուած անձ, օրինակելի եւ համեստ, խոնարհ և պատրաստակամ նուիրումով ու մանաւանդ անձնազոհ ծառայութեամբ Եկեղեցւոյ ու Համայնքին:

Աւարտելէ ետք Ռատիովատիկանի հայական բաժնի  տնօրէնի պաշտօնը, Ան թէեւ թոշակի ելած էր, կը շարունակէր թիկունք կանգնիլ Ռատիովատիկանի անձնակազմին ու սատարել անոր գործունէութեան։

Անցեալ շաբաթ 28 Մայիս 2016-ին, Հայկական բաժնի 50 ամեակի գործունէութեան տարեդարձին առթիւ, մեծ խանդավառութեամբ սատարած է տօնակատարութեան պատրաստութիւններուն։ Նոյն օր առաւօտուն իր հոգին աւանդեց առ Հայր, այն ուրախութեամբ որ կարողացած էր մինչեւ վերջին շունչը իրագործել իր իղձն ու ձգտումը այն է ծառայել եւ ուրախ դարձնել ուրիշները։

Լեւոնեան Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոսի Հայկական եկեղեցին բեռնէ բերան լեցուն էր. Այս փաստ մըն էր թէ որքանով Միշելը սիրուած ու յարգուած էր, ինչպէս նշեց գերապայծառ Ասատուրեան այս առթիւ արտասանած իր դամբանականին մէջ։

''Սիրելի Միշել, ես երբեք չէի ուզէր այսօր հոս գտնուիլ ու ականատես ըլլալ այս արարողութեան, կը նախընտրէի քեզ տեսնել իմ հետս խորանին վրայ, ես երբեք չէի սպասէր որ այսօր քու թաղումդ կատարեմ'', ըսաւ գերապայծառ Ասատուրեան երկխօսութեան մէջ մտնելով հանգուցեալին հետ ու նշելով թէ Ան ցորենի նման ցանուեցաւ աշխարհի վրայ ու դարձաւ պտղաբեր ամենուրէք տարածելով ժպիտ ու բարիք։ ''Պարտականութիւնդ ըրիր լիուլի Աստուծոյ խօսքը հասցնելով ամէն տեղ։ Կ՛ողբամ քեզի համար, առանց սակայն համոզուելու թէ դուն մեկնած ես իսկապէս։ Շնորհակալ ենք քու բարի օրինակիդ, զոհողութիւններուդ. Դուն որ ոչ չ՛ըսիր եւ ոչ մէկուն, ամէնուն հասար ու ամէնուն տուիր ժպիտ եւ ուրախութիւն'' ըսաւ ապա Գերապայծառ Ասատուրեան ու ննջեցեալի պարագաներուն ու բոլոր ներկաներուն փոխանցեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ցաւակցութիւնները, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւններն անոնց որոնք չկարողացան իրենց մասնակցութիւնը բերել այս վերջին հրաժեշտի արարողութեան ու հրաւիրեց ներկաները չտխրիլ որովհետեւ Միշելը անցաւ յաւիտենական կեանք ուր կայ երկնային մխիթարութիւն։

Խօսք առաւ ապա Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւոր Գերյարգելի նարեկ Ծ. Վ. Նաամոյեան որ նշեց թէ հանգուցեալին համար Եկեղեցին ու Վարժարանը եղած են անոր օճախը ապա ակնարկեց անոր ծառայական հոգիին ու նուիրումին` ի սպաս մերձաւորին։ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կորսնցուց մեծ ծառայ մը. ըսաւ հայր Նարեկ Նաամոյեան։

Յանուն Վատիկանի Ձայնասփիւռի տնօրէնութեան խօսք առաւ հուսկ Քահանայապետի բանբեր հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի որ ակնարկեց հանգուցեալին Ռատիովատիկանի մէջ մատուցած 30 տարուայ ծառայութեան ու աշխատանքին նշելով թէ Միշելը բոլորէն սիրուած անձ մըն էր ու ծառայ մըն էր եկեղեցւոյ եւ իր ազգին։

Կը ցաւիմ ու կ՛ողբամ անոր մահը, ըսաւ հայր Լոմպարտի, ու խօսքը ուղղելով Միշելին տիկնոջ ու աղջիկներուն, անոնց վստահեցուց Ռատիովատիկանի ընտանիքի սէրն ու գուրգուրանքը անոնց նկատմամբ ընդգծելով թէ թէեւ ան մեր հետ չէ ֆիզիկապէս սակայն մեզի կ՛ընկերանայ հոգեպէս նա մանաւանդ այս կարեւոր ժամանակամիջոցին որուն ընթացքին կը տօնախմբենք Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի 50 ամեակը եւ կը պատրաստուինք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութեան։

Հայր Լոմպարտիի ողջոյնի խօսքէն ետք կարդացուեցաւ նաեւ Զմմառու Վանքի մեծաւորին ցաւակցական նամակը եւ խօսք առին Միշել Ժանժէյի դուստրերը Միշել եւ Քրիստին որոնք անուշ խօսքերով յիշեցին իրենց հօր առաքինութիւնները շնորհակալութիւն յայտնելով անոր իրենց թողած բարի յիշատակներուն եւ ուսուցումներուն համար։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.