2016-05-28 15:21:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 28 Մայիս 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սինկափուրի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Թոնի Թան Քենկ Եամը, անոր կողակիցը եւ անոնց ընկերացող շքախումբը։ Սինկափուրի հանրապետութեան նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, շեշտուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Սինկափուրի Հանրապետութեան միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները, ու յատկանշուեցաւ Եկեղեցի-Պետութիւն համագործակցութիւնը յատկապէս դաստիարակչական եւ ընկերային մարզերէն ներս։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանի քաղաքական կացութեան ու միջազգային մի քանի հարցերու շուրջ, յատուկէն ակնարկելով միջ կրօնական երկխօսութեան կարեւորութեան եւ համամարդկային իրաւունքներու զարգացումին ինչպէս նաեւ արդարութիւն ու խաղաղութեան հաստատուին։
 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յաջորդաբար ընդունեց Կարդինալ Մարք Ուելլէն` Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը եւ Կարդինալ Ժորժ Փելը ` Տնտեսութեան Քարտուղարութեան կառավարիչը։ Հուսկ կէսօրին` Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ ''Մանուկներու Շոգեկառքը'' ձեռնարկին մասնակցող Իտալիոյ Քալապրիա մարզէն ժամանած 400 մանուկներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.