2016-05-27 13:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Հայր Օրիոնի միաբանութեան անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 27 մայիս 2016-ին՝ առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Քոսթա Ռիքայի նախագահ՝ Լուիս Լուլիերմօն ու անոր ընկերացող կողակիցն ու պատուիրակութիւնը, որմէ ետք ընդունեց Հաւատքի դաւանանքի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լուտվիկ Մուլերը, ապա 11.45-ին՝ ընդունեց Նիւ Զիլանտայի մէջ  Առաքելական կառավարիչ Գերապայծառ Մարթին Քրեպս։

Ժամը 12.15-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդդրութիւն շնորհեց Հայր Օրիոնի Աստուածային Ողորմութեան ՝՝Փոքրիկ գործունէութիւն՝՝ անուան  միաբանութեան 65 անդամներուն, որոնք  Հռոմի մէջ գումարած են իրենց միաբանութեան ընդհանուր ժողովը ։

 Այս առթիւ  անոնց յղած  պատգամին մէջ Սրբազան հայրը  մէջբերեց  Փոքրիկ առաքելութիւն միաբանութեան հիմնադիր` Հայր Օրիոնիի յղած նամակներէն հետեւեալ խօսքը. ՝՝համայն եկեղեցին կանչուած է Յիսուսին հետ ընթանալու աշխարհի ուղիներուն վրայ՝ հանդիպելու համար մեր օրերուն կարիք ունեցող մարդկութեան՝՝ ։ Ան ապա անդրադարցաւ ընդհանուր ժողովի նիւթին՝՝Քրիստոսի եւ աղքատներու ծառաները՝՝ ու յորդորեց ներկաները,  իրենց առաքելական եւ անձնական կեանքին ընթացքին, որպէս գլխաւոր ուղի` միշտ միացած պահել  Քրիստոսի եւ աղքատներուն ծառայութեան  երկու ծաւալները։

 

Ապա նշելով, թէ կղերականները Աստուծոյ կողմէ  կանչուած եւ օծուած են՝ մնալու  համար Յիսուսին կողքին, ծառայութիւն մատուցանելով աղքատներուն եւ ընկերութեան մէջ մեկուսացեալներուն,  Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց,  թէ աղքատներուն միջոցաւ կրօնաւորները  կը դպչին եւ ծառայութիւն կը մատուցանեն Քրիստոսի մարմնին եւ կ՝աճին Աստուծոյ հաղորդութեան մէջ,  միշտ հսկում կատարելով, որպէսզի հաւատքը չի վերածուի լոկ գաղափարապաշտութեան։

՝՝Քրիստոսի ծառաներ ըլլալը երաշխիք կը դառնայ առաքելական արդիւնաւորութեան   եւ բեղուն կը դարձնէ  անոնց  ծառայութիւնը'' ըսաւ քահանայապետը ու քաջալերեց հետեւելու իրենց հիմնարկին`  Հայր Օրիոնի յանձնառումներուն՝ որոնել եւ ամոքել  ժողովուրդին ցաւերը, անոնց  օգնութեան հասնիլ՝ ըլլայ բարոյական ըլլայ նիւթական գետնի վրայ, եւ այս մէկը կատարելով անոնց գործունէութիւնը ոչ միայն բերրի պիտի դառնայ այլ խորապէս պիտի դառնայ  քրիստոնէական ու փրկարար։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա ընդգծեց, որ Հայր Օրիոնի յանձնառումներուն ընդառաջելով, միաբանութեան անդամները ոչ միայն նմանած պիտի ըլլան Բարի Սամարացիին, այլ անոնք ժողովուրդին շնորհած պիտի ըլլան Յիսուսի հանդիպելու ուրախութիւնը։

Սրբազան Հայրը  ապա մատնանշելով Սուրբ Պերնարտոյի խօսքին ՝՝Սէրը ճանապարհի վրայ կը գտնուի եւ ան միշտ  ուղեւորութեան մէջ է՝՝ յորդորեց ներկաները  իրենց միջավայրերուն մէջ փակուած չի մնալու եւ անկէ դուրս գալու, որովհետեւ յոյժ կարիքը կայ քահանաներու եւ կրօնաւորներու, որոնք  գիտեն երթալ սահմաններէն անդին՝ փոխանցելու համար ամէն շրջանակի մէջ Քրիստոսի սիրոյ բոյրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր պատգամը մատնանշեց, թէ կրօնաւորներուն Եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութիւնը  այնքան  արդիւնաւոր պիտի դառնայ ինչքան  անոնք ջանք թափեն  խնամելու  Քրիստոսի հետ իրենց անձնական յարաբերութիւնը ինչպէս նաեւ   հոգեւոր կազմաւորումը։

''Վկայելով կրօնական  անձնուիրումի  բարեացակամ կեանքը, Քրիստպսի եւ աղքատներուն ծառայութիւնը,  անոնք տիպար պիտի հանդիսանան երիտասարդներուն'' ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով  ՝՝կեանքը կը ծնի կեանք, ուրախ եւ սուրբ կրօնաւորներ կը յարուցանեն նոր  կոչումներ՝՝  ապա  բոլոր ներկաները յանձնեց  Տիրամօր հովանիին եւ անոնցմէ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար ու անոնց տուաւ իր  առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.