2016-05-27 13:18:00

Հաղորդագրութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապին Քոսթա Ռիքայի նախագահին շնորհած ունկնդրութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 27 մայիս 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Քոսթա Ռիքայի հանրապետութեան նախագահ` Լուիս Կուլիփրմօ Սոլիս Ռիվերան, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Քոսթա Ռիքայի միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւններու մասին ու գնահատուեցաւ Եկեղեցւոյ բերած սատարը յատկապէս դաստիարակչական, առողջապահական եւ մարդկային ու հոգեւոր արժէքներու զարգացման ինչպէս նաեւ բարեսիրական մարզերէն ներս։

Շօշափուեցան ապա երկու կողմերը հետաքրքրող  հրացեր` ինչպէս Մարդկային Կեանքի պաշտպանութիւնը եւ ժամանակակից մարտահրաւէր ներկայացնող  գաղթականութեան եւ թմրեցուցիչի վաճառքի հացերը։։

Ի վերջոյ  անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ  տարածաշրջանի ու միջազգային մի քանի հարցերու շուրջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.