2016-05-26 09:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Գերմանիոյ կաթողիկէներու օրուան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) 25-29 Մայիս 2016 Գերմանիոյ Լիփսիա քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Katholikentag''´ Գերմանիոյ կաթողիկէներու Օրուան 100-րդ համագումարը որուն բնաբանն է ''Ահա մարդը''։

Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ժողովականներուն ուղղեց լսատեսողական պատգամ մը  որուն մէջ ըսած է. ''Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, սրտանց կ´ողջունեմ Գերմանիոյ կաթողիկէներու 100-րդ Օրուան ձեռնարկի բազմաթիւ մասնակցողները։ Ձեր այս ներկայութեամբ կ´ուզէք ցոյց տալ որ կ´ապրիք Աւետարանի ուրախութիւնը։ Բարի յարաբերութիւններ ունիք քրիստոնեայ այլ յարանուանութիւններու հետ և կու տաք ճշմարիտ վկայութիւն մը Քրիստոսի` տկարին ու կարօտեալին հանդէպ ցոյց տուած դրական ձեր յանձնառումով։

Դուք համախմբուեցաք ''Ահա մարդը'' նշանաբանով։ Ասիկա ցոյց կու տայ ձեր կարողութիւնը պահ մը կանգ առնելու, ձեր հայեացքը ուղղելու, և ուշադիր ըլլալու անոր որ ձեր օգնութիւնը կը հայցէ։ Ամէն անհատ կը բաղձայ հաղորդակցութիւնը ու խաղաղութիւնը, պէտք ունի խաղաղ համակեցութեան։ Աշխատինք հայեցողական կեանքի ու աղօթքի միջոցաւ մտերմութիւն հաստատել  Աստուծոյ հետ և հետզհետէ պիտի ըմբռնենք որ երկնաւոր Հայրը կ´ուզէ մեր բարիքը։ Ան կ´ուզէ մեզ երջանիկ տեսնել, ուրախութեամբ ու անդորրութեամբ զեղուն։

Աստուծոյ հետ մեր մտերմութիւնը պիտի շարժէ մեր գթութիւնը։ Ինչպէս Հայրը կը սիրէ նոյնպէս զաւակները կը սիրեն։ Լիփսիայի ժողովին մասնակցողներուն ու Գերմանիոյ բոլոր հաւատացեալներուն կը մաղթեմ որ աւելի մօտ ըլլան աղքատներուն եւ հարստահարուածներուն։ Իրարու նեցուկ  կանգնեցէք ու աշխատեցէք միասնաբար Բարի լուրը, Քրիստոսի Աւետարանը ճանչցնելու մարդոց։ Հայցենք Աստուածային Մխիթարիչը` Ս. Հոգին, որպէսզի մեզի պարգեւէ քաջութիւնն ու զօրութիւնը ըլլալու վկաները յոյսին։ Ձեր աղօթքը կը հայցեմ ու ձեզի բոլորիդ որ կը մասնակցիք հաւատքի, յոյսի ու ուրախութեան այս տօնին սիրով կը հաղորդեմ իմ առաքելական օրհնութիւնս։








All the contents on this site are copyrighted ©.