2016-05-25 13:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ի սպաս ''Սիրեցեալ Սուրիոյ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 25 Մայսի 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին յատուկ կոչ մը ուղղեց որուն մէջ խնդրեց աղօթել Ողորմութեան Հօր ու Աստուածամօր դարձի բերելու մահ ու կործանում սերմանողներու սրտերը։

Անցեալ երկուշաբթի օրը, Սիրեցեալ Սուրիոյ մէջ, տեղի ունեցան ահաբեկչական արարքներ, որոնք հարիւրաւոր անմեղ քաղաքացիներու մահը պատճառեցին։ Բոլորդ կը հրաւիրեմ աղօթելու Ողորմած Հօր եւ Աստուածամօր, որպէսզի յաւիտենական հանգիստ շնորհէ զոհերու հոգիներուն. Մխիթարութիւն պարգեւէ անոնց ընտանեկան պարագաներուն եւ դարձի բերէ սրտերն անոնց որոնք մահ ու կործանում կը սերմանեն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ու հրապարակը համախմբուած ամբոխը հրաւիրեց միասնաբար աղօթելու ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.