2016-05-25 07:40:00

Փաքիստանի քրիստոնեաները միշտ աւելիով եկեղեցի կը յաճախեն հակառակ հալածանքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Փաքիստանի մէջ փոքրամասնութիւնները միշտ եղած են ու կը մնան թիրախ ծայրայեղ մահմետականներուն։ Սակայն հակառակ հալածանքին քրիստոնեաները  միշտ աւելիով եկեղեցի կը յաճախեն։ 

Փաքիստանի մէջ բազմաթիւ են բանտերու մէջ կալանուած քրիստոնեաները, որոնք անարդարօրէն ամբաստանուած են որպէս թշնամի իսլամական կրօնի։

Կաթողիկէ կրօնաւոր-կրօնաւորուհիները այդ առընչութեամբ միշտ քարոզած են խաղաղ համակեցութիւնը իսլամներու ու քրիստոնեաներու միջեւ եւ ի մասնաւորի կաթողիկէ դպրոցներէն ներս, որոնք յաճախուած են նաեւ իսլամ աշակերտ-աշակերտուհիներէ, անոնք կ՛ուսուցանեն համակեցութիւնն ու հանդուրժողութիւն յայտնած է Փաքիստանցի Քոյր Rifat Arya, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով մը մատնանշելով  թէ ''կրօնաւոր-կրօնաւորուհիները իրենց առօրեայ կեանքին մէջ նախընտրութիւն կու տան աղքատին''։

''Փաքիստանի մէջ ճիշդ է որ  չքաւորութիւնը զգալի է սակայն միաժամանակ կայ հոգեւոր հարստութիւն մը։ Հակառակ քրիստոնեաներու կրած բազմաթիւ տանջանքներուն ու հալածանքին, հաւատացեալները կը շարունակեն եկեղեցիները յաճախել ու աւելի մեծ եռանդով աղօթել'' հաստատած է Քորյ Ռիֆաթ ընդգծելով թէ ''Հաւատքը ժայռի նման կառչած է անոնց սրտին ու հոգիին մէջ'':

Հոս Փաքիստանի մէջ կղերն ու հաւատացեալները  կ´աշխատին քրիստոնէական հաւատքն ու սէրը ապրիլ դրական վկայութիւն տալով` խօսքին ու ապրումին միջոցաւ, ըսած է միշտ Քոյր Ռիֆաթ դիտել տալով թէ ''երբ կը նշմարենք որ ընտանիք մը, մանուկ մը կարիքաւոր է, անոր կը մօտենանք ու կը փորձենք ընդառաջել անոր կարիքներուն։ Այս ընելով մենք մեզմէ դուրս կու գանք, որպէս եկեղեցի, որպէս կղերական կամ հաւատացեալ։ Ուրիշը, մերձաւորը բնաւ չենք նկատեր որպէս օտար, որովհետեւ անիկա մեր եղբայրն է''։

''Մենք կրօնաւորուհիներս կ´ընդունինք մեր դուռը բախող ընտանիքները ու կ´աշխատինք գոհացում տալ նիւթական թէ առողջապահական  եւ հոգեւոր պահանջներուն։ Ամէն օր աւելի քան 100 անհատներ մեր դուռը կը բախեն,  ասիկա մեզի համար մխիթարական է։ Երբ գիւղերը կ´երթանք այցելելու ընտանիքները  մարդիկը կ´ուզեն մեզի հետ խօսիլ, պատմել իրենց կեանքը, յայտնել իրենց ցաւն ու վիշտը, ինչպէս նաեւ իրենց ուրախութիւնները։ Այս է ճշմարիտ մօտիկութիւնը'' հաստատած է Քոյր Ռիֆաթ Արեա։








All the contents on this site are copyrighted ©.