2016-05-25 12:11:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Մայիս 24-­ին ցաւակցական հեռագիր յղած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատին` Թարթուսի, Լաթաքիոյ եւ Սուրիոյ այլ բնակավայրերու մէջ տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական գործողութիւններու առնչութեամբ, որոնց հետեւանքով զոհուած եւ վիրաւորուած են բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներ:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, հեռագիրին մէջ նշուած է. «Սուրիոյ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ այս զարհուրելի յանցագործութիւնները որեւէ արդարացում չունին: Մենք խստօրէն կը դատապարտենք ահաբեկչութիւնը իր բոլոր դրսեւորումներով եւ կոչ կ՛ընենք միջազգային հանրութեան հաւաքական ուժերով շարունակելու պայքարը այս չարիքին դէմ: Կը յայտնեմ իմ անկեղծ վշտակցութիւնս ձեզի, Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով ոգիի արիութիւն եւ տոկունութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում»։








All the contents on this site are copyrighted ©.