2016-05-25 08:37:00

Կարդինալ Ֆիլոնի բացումը կը կատարէ Քոլոմպիայի Ազգային միսիոներական 12-րդ ժողովին


(Ռատիօ Վատիկան) 21-29 մայիս 2016-ին, հովուական այցելութեամբ Քոլոմպիա գտնուող  ժողովուրդներու աւետարանացման ժողովի կառավարիչ՝  կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնի, հինգշաբթի 26 մայիսի յետմիջօրէին, Սուրբ Պատարագի զոհի արարողութեամբ  բացումը կը կատարէ  Պուքարամանկա քաղաքի  մէջ կայացող Ազգային միսիոներական 12-րդ ժողովին, որուն այս տարուան նիւթն է ՝՝Մենք Քոլոմպիայի միսիոներական՝ դէպի դուրս գացող եկեղեցի ենք՝՝։

Քոլոմպիայի քահանայապետական միսիոներական կազմակերպութիւններուն եւ միսիոներական ոգեւորումի եպիսկոպոսական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած միսիոներական ազգային 12-րդ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  երկրի  77 եկեղեցական գաւառներէ պատուիրակութիւններ։

՝՝Արթնցնել, խորացնել ինչպէս նաեւ իւրացնել տեղական եկեղեցիներուն միսիոներական գործունէութեան ճանաչումը, որպէսզի անոնց ծրագիրներն  ու  աւետարանցման գործընթացքը վեհանձնութեամբ եւ արդիւնաւէտ կերպով համապատասխանեն ժողովուրդներու աւետարանումի մարտահրաւէրներուն՝՝ Այս է վերոնշեալ Ազգային միսիոներական 12-րդ ժողովին նպատակակէտը։

Յայտնենք, թէ  27 մայիս 2016-ին Կարդինալ Ֆիլոնի  առաջին զեկոյցը կը ներկայացնէ ազգային միսիոներական 12-րդ ժողովին։ Մինչ յետմիջօրէին, նախատեսուած են  հանդիպումներ առաքելական տեղակալներու ինչպէս նաեւ Մեթրոբոլիթ արքեպիսկոպոսներուն հետ։

Ապա տեղական ժամով՝ երեկոյեան ժամը 7.30-ին,  կարդինալ Ֆիլոնի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարգի զոհը  կը մատուցանէ   եկեղեցական դասի՝ կրօնաւորներու, կրօնաւորուհիներուն , քահանաներուն , նորընծաներուն  ինչպէս նաեւ թեմի բոլոր աշխարհական կազմակերպութիւններուն  մասնակցութեամբ։

28 մայիսին` միսիոնարներու առաքումի պատարագը մատուցանելէ ետք  ժողովուրդներու աւետարանացման ժողովի կառավարիչ ը կ՛ուղղուի մայրաքաղաք` ուրկէ վերադարձ կը կատարէ դէպի Հռոմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.