2016-05-25 12:20:00

Իսրայէլ նամականիշ պիտի տպէ Հրէաները փրկած Ազնաւուրի ծնողներուն յիշատակին


Նիւ Եորքի մէջ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ Շարլ Ազնաւուրը պատմած է Ռաուլ Ուոլենպերկի հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն Ֆրանսայի նացիստական բռնազաւթման ժամանակ իր, իր քրոջ Այիտայի եւ ծնողներ Քնարի եւ Միշայի կեանքի որոշ դրուագներու մասին:

Ազնաւուրները սեփական տան մէջ ապաստան տրամադրած են փրկութիւն փնտռող հրէաներու, հայերու ու նացիստներու կողմէ որոնուող այլ մարդոց:

Հիմնադրամի նախագահ Էտուարտօ Էռնեկեան ու հիմնադիր Պարուխ Թենեմպաում անձնական նամակով շնորհաւորած են 92-ամեակի առիթով ու յայտնած են, որ Իսրայէլի նամակատան ծառայութիւնը նամականիշներ պիտի տպէ Միշա եւ Քնար Ազնաւուրներու պատուին: Ինքը՝ Շարլ Ազնաւուրը, ու իր քոյր Այիտան պիտի պարգեւատրուին Ռաուլ Ուոլենպերկի հիմնադրամի մետալով:

Գերմանական զօրքերը գրաւած ն են Ֆրանսան Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, իրականացնելով ոչնչացման ծրագիրը նաեւ այդ երկրին մէջ ապրող ու ապաստանած հրէաներու հանդէպ: Տարբեր գնահատականներով, գրաւման ընթացքին սպաննուած է մինչեւ 120 հազար ֆրանսացի հրէայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.