2016-05-25 12:47:00

''Աղօթքը Ողորմութեան աղբիւր'' Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր Բարի լոյս, այսօրուայ Աւետարանական հատուածին մէջ զոր ունկնդրեցինք (Ղուկ 18,1­8) պարունակուած է կարեւոր ուսուցում մը` ''միշտ ու յարատեւ աղօթելու հարկաւորութիւնը առանց վհատելու''։ Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տուաւ հրապարակային ունկնդրութեան զոր ներկայացուց` չորեքշաբթի 25 Մայիս 2016-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, անդրադառնալով ''Անիրաւ Դատաւորի եւ Այրի կնոջ'' առակին։ 

Դատաւորը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իշխանատէր անձնաւորութիւն մըն է կոչուած Մովսէսի օրէնքի համաձայն վճիռներ արձակելու։ Ասոր համար Դատաւորները ըլլալու էին Աստուածավախ, անկողմնակալ եւ անկաշառ։ Առակին դատաւորը սակայն անարդար դատաւոր մըն է եւ կը գործէր իր շահերու համաձայն։ Անոր կը դիմէ այրի կին մը։ Այրիները, որբերու եւ օտարականներու հետ միասին, ընկերութեան ամենատկար տարրերն էին։ Օրէնքի կողմէ իրենց ապահովուած իրաւունքները յաճախ ոտնակոխ կ՛ըլլային որովհետեւ անպաշտպան անձեր էին անոնք։ Դատաւորի անտարբերութեան դիմաց այրի կինը կը գործածէ իր միակ զէնքը` ստէպ անոր մօտ երթալ ու խնդրել որ իր դատը պաշտպանէ։ Եւ ասոր համար կը հասնի իր նպատակին։ Դատաւորը թէեւ Աստուծմէ չէր վախնար եւ մարդոցմէ չէր ամչնար, այրիին տուած յոգնութեան համար կը յօժարի դատը տեսնել ու ազատիլ անոր պնդումներէն։

Այս առակին մէջ Յիսուս մեզի երկու եզրակացութիւններ կը ներկայացնէ, ըսաւ ապա Քահանայապետը մատնանշելով թէ` եթէ այրին կարողացաւ անիրաւ դատաւորին կեցուածքը փոխել որքանով ապա Աստուած` որ է արդար ու բարի Հայր ''արդարութիւն պիտի ընէ իր ընտրեալներուն, որ իրեն կ՛աղաղակեն գիշեր ցորեկ''։

Ասոր համար Յիսուս կը յորդորէ միշտ աղօթել առանց վհատելու։ Յիսուս մեզի կը վստահեցնէ թէ Աստուած շուտով արդարութիւն պիտի ընէ իր զաւակներուն, թէեւ անոր միջամտութիւնը յաճախ տեղի չունենար մեր ժամանակներու եւ ձեւերու համաձայն։ Աղօթքը արդարեւ կախարդական գաւազան մը չէ։ Ան կ՛օգնէ պահպանելու հաւատքը եւ ամբողջութեամբ վստահելու Աստուծոյ նոյնիսկ երբ չենք հասկնար Անոր կամքը։ Նոյնինքն Յիսուս օրինակ է մեզի` այս ուղղութեամբ։ Ան ամբողջութեամբ յանձնուեցաւ Աստուծոյ կամքին։ ''Ոչ իմ կամքս այլ կու կամքդ թող ըլլայ'' ըսաւ Ան Գեթսէմանիի պարտէզին մէջ։

Աղօթքը Հօր Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն է։ Ան կը բարեփոխէ մեր իղձերը ու զանոնք կը ձեւաւորէ Աստուծոյ կամքին համաձայն, որովհետեւ ան որ կ՛աղօթէ կը ձգտի Աստուծոյ հետ միանալ որ է Ողորմած Սէր, յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու դիտել տուաւ թէ ''Առակը վերջ կը գտնէ հարցումով ''Իսկ Մարդու Որդին երբ գայ, արդե՞օք հաւատք պիտի գտնէ երկիր վրայ''։

Այս հարցումը զգուշացում մըն է մեզի բոլորիս. Պէտք ենք աղօթել ու հայցել Տիրոջմէ հաւատք մը որ կը դառնայ յարատեւ աղօթք, այդ այրի կնոջ նման, հաւատք մը որ միշտ սնունդ կը ստանայ Տիրոջ գալուստի իղձէն ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը եւ խորհրդածութիւնը եզրափակեց հաստատելով թէ ''Աղօթքին մէջ կը փորձարկենք Աստուծոյ գթութիւնը` որ հօր նման կու գայ իր զաւակներուն հանդիպելու լի ողորմած սիրով''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.