2016-05-25 07:59:00

«Թուրքիան պէտք Է կատարէ բոլոր համաձայնութիւնները» շեշտեց Մերքել


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ բանակցութիւններու աւարտին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը պէտք է կատարէ նախապէս Եւրոպական Միութեան նշած բոլոր կէտերը` մուտքի արտօնագիրի դրութեան ազատականացման համար, այլապէս այդ երկրին եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ մուտքի արտօնագիրի դիւրացումը ուժի մէջ պիտի չմտնէ:

«Ես հասկցուցած եմ, որ դէպի ազատ մուտքի արտօնագիր տանող ճամբան հիմնուած է 72 կէտերուն վրայ: Անոնք նորութիւն չեն: Եւրոպական Միութիւնը զանոնք արդէն ներկայացուցած է դեկտեմբեր 2013-ին: Մենք կը պահանջենք, որ իրագործուին բոլոր կէտերը` ազատ մուտքի արտօնագիրի դրութիւն տրամադրելու համար», ըսած է Մերքել:

Ներկայիս Եւրոպական Միութիւնը «կասեցուցած» է Թուրքիոյ հետ մուտքի արտօնագիրի դրութեան ազատականացման հոլովոյթը, որովհետեւ Թուրքիան մինչեւ հիմա 72 պահանջներէն միայն 5-ը կատարած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.