2016-05-24 09:35:00

Մոսկուայի Պատրիարքի գնահատումով քրիստոնէական արժէքներու անտեսումը մեծ աղէտ մըն է։


(Ռատիօ Վատիկան) "Գիտակից ենք որ ներկայիս մեծ ճիգ կը թափուի հեռացնելու քրիստոնեաները աստուածային բարոյական օրէնքէն'', ըսած է համայն Ռուսիոյ ու Մոսկուայի Կիւրեղ պատրիարքը, ըստ ինդերֆաքս ռուսական գործակալութեան։ Ան դատապարտած է Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ տիրող չարիքը, որ կ՛իրագործուի Ամերիկացի ու եւրոպացի հարուստներու մեղսակցութեամբ։

Ռուսիոյ կրօնապետը այս յայտարարութիւնը կատարած է մինչ աստուածային պաշտամունքը կը մատուցանէր հիւսիսային Կովկասի Naltchik քաղաքին մէջ, որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը սիւննի մահմետականներ են։ Ան ցաւով յայտնած է որ Արեւմուտքի մէջ շատերը կը մոռնան իրենց քրիստոնեայ արմատները ու բարոյականին սկզբունքները, կ´արդարացնեն մեղքը ու մեղանչական օրէնքները։ Նման բան մը կարելի չէ գործադրել մեր դաշնակցային հանրապետութեան մէջ քանի ոչ օրթոտոքսները և ոչ ալ մահմետականները պատրաստակամ են իւրացնելու օրէնքներ որ հակառակ են Աստուծոյ օրէնքին - ըսած է Կիւրեղ Պատրիարքը, եւ աւելցուցած է ''քրիստոնեաներն ու մահմետականները միացեալ հիմ մը ունին կերտելու իրենց համակեցութիւնը'' ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.