2016-05-24 14:46:00

Ընտանիքներու միջազգային 9-րդ հանդիպումը Տուպլինի մէջ 22-26 օգոստոս 2018-ին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 24 մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն  ընթացքին յայտարարուեցաւ  ընտանիքի միջազգային 9-րդ հանդիպումին խորագիրն ու  թուականը։

Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ ընտրուած ընտանիքի միջազգային 9-րդ հանդիպումին նիւթն է ՝՝Ընտանիքին աւետարանը, ուրախութիւնը աշխարհին'',  որ տեղի պիտի ունենայ  Իրլանտայի մայրաքաղաք՝ Տուպլինի մէջ 22-էն 26 օգոստոս 2018-ին։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան  Տուպլինի թեմի արքեպիսկոպոս Արհիապատիւ Տիարմունտ Մարթին, ինչպէս նաեւ Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդին նախագահ Գերապայծառ Վինեչնօց Փալիա, որուն ունեցած զրոյցի ընթացքինն  յայտնեց,  թէ յառաջիկայ 22-էն 26 օգոստոս 2018-ին կատարուելիք Ընտանիքներու համաշխարհային 9-րդ հանդիպումը,  կը հանդիսանայ առաջին ամենէն մեծ ընտանիքներու հաւաքը ՝ Հռոմի մէջ գումարուած ընտանիքի նիւթին մասին Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսներէն ետք։   

Գերապայծառ Փալիա  ապա ընդգծեց  թէ Ֆրանչիսկոս Պապի յետ սիւնհոդոսական ''Սիրոյ ուրախութիւնը'' առաքելական յորդորագիրը, պիտի հանդիսանայ  գլխաւոր փաստաթուղթը`  ընտանիքներու այս միջազգային  հաւաքին,  ըլլայ անոր նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին ըլլայ անոր նշման արարողութեան ծիրէն ներս։

Քահանայապետական ընտանքի խորհուրդի նախագահը  անդրադառնալով ապա ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումին վայրի ընտրութեան նշեց թէ  ՝այս պահուս  եկեղեցւոյ կեանքին համար անհրաժեշտ է,  որ ընտանիքի հանդիպումը կայանայ Եւրոպայի մէջ որպէս արտասաւոր առիթ, որպէսզի եւրոպայի բոլոր խաւերը՝քաղաքացիական, ընկերային, կրօնային ու տնտեսական կարենան յայտնաբերել ընտանիքին  կեդրոնականութիւնը, որպէս առաջին մարզավայր տարբերութիւններուն  միջեւ խաղաղ համակեցութեան։  

Գերապայծառ Փալիա ապա մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը ուղղուած Եւրոպայի, վերջերս Վատիկանի մէռ  տեղի ունեցած Քարլօ Մանիօ մրցանակաբաշխութեան առթիւ մաղթանք յայտնեով որ Իրլանտան այս պահուս կ՝ապրի անցողական դժուար պահ մը,  կարենայ այս համաշխարհային հաւաքին բերումով ինքզինք օգնել եւ օգնել Եւրոպան ու աշխարհը վերագտնելու համար ուժականութիւնը եւ միսիոներական սլացքը ընտանիքի կոչումին ու անոր առաքելութեան ընդմէջէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.