2016-05-24 10:02:00

«Լիբանան Կը Մերժէ Սուրիացի Գաղթականներուն բնակեցումը» շեշտեց վարչապետ Սալամ


Վարչապետ Թամմամ Սալամ Պոլսոյ մէջ գումարուող Մարդասիրութեան համաշխարհային խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան իր սահմանադրութեան համաձայն չի կրնար ընդունիլ սուրիացի գաղթականներուն համարկումը կամ բնակեցումը, եւ կամ անոնց լիբանանեան քաղաքացիութեան շնորհումը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, որ նման խորհրդաժողովի մը նախաձեռնած է, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ նախագահին եւ կառավարութեան` այդ խորհրդաժողովը հիւրընկալելու համար:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման միակ միջոցը քաղաքական լուծումն է` աւելցնելով, որ սուրիացի գաղթականներուն ապահով տունդարձը պիտի օժանդակէ հաշտութեան հոլովոյթին:

«Տարբեր վիճակագրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, սուրիացի գաղթականները կը փափաքին վերադառնալ իրենց երկիրը, իսկ  պատմութենէն սորված մեր դասերուն համաձայն, երբ գաղթականներուն կեցութիւնը երկարատեւ կ՛ըլլայ` տունդարձի խանդավառութիւնը կը նուազի: Ասիկա վտանգ մըն է, որուն կարելի չէ հանդուրժել եւ դիմադրել», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար հանդուրժել աւելի քան մէկուկէս միլիոն սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներու օժանդակելու պատասխանատուութիւնը` նկատի ունենալով, որ անոնց թիւը երկրին բնակչութեան մէկ երրորդն է:

«Լիբանան կը տառապի սուրիացի գաղթականներուն ստեղծած ողբերգութենէն եւ ան կ՛ապրի հաստատութենական խախտում մը, որ հետեւանք է երկու տարիէ ի վեր նախագահական թափուր աթոռի գոյութեան», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին աշխուժացնելու ՄԱԿ-ի դերակատարութիւնը եւ այլոց հետ գործակցաբար իրականացնելու այդ նպատակը:

Նշենք, որ Սալամի ընկերակցեցան ընկերային հարցերու եւ կրթութեան նախարարներ Ռաշիտ Տըրպաս եւ Էլիաս Ապու Սաապ:

Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Սալամ հանդիպեցաւ նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:

Քաղուած Ազդակ Օրաթերթէն








All the contents on this site are copyrighted ©.