2016-05-24 09:24:00

24 Մայիսին կը նշուի Չինաստանի Եկեղեցւոյ համար աղօթքի օրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 24 մայիսին կը նշուի Չինաստանի Եկեղեցւոյ համար համաշխարհային աղօթքի օրը որ հաստատուած է 30 Յունիս 2007-ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի կողմէ։ 24 մայիսը արդարեւ Քրիստոնէից օգնական Տիրամօր տօնն է, որ Չինաստանի Շէշան Սրբավայրին մէջ մեծ շուքով կը տօնուի։

Յայտնենք նաեւ թէ վաստակաւոր քահանայապետը 2008 թուականին աղօթք մը ընծայած է Շէշանի Քրիստոնէից օգնական Տիրամօր, որուն մէջ կը հայցէ որ Ան ապաւէն կանգնի Չինաստանի կաթողիկէ հաւատացեալներուն ու առաջնորդէ անոնց քայլերը դէպի Քրիստոս` առանց վհատութեամբ ու տարակոյսի, այնպէս ինչպէս ինք ըրած էր իր ''այոն'' արտասանելով Գաբրիէլ հրեշտակապետին, ու յանձն առնելով ամէն տառապանք ու չարչարանք , մինչեւ խաչին ոտքը տեսնելով իր որդւոյն մահը։ 

Իսկ անցեալ կիրակի 22 Մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին  բոլոր հաւատացեալները հրաւիրեց միանալու այս օրուայ աղօթքին Մարիամէն խնդրելով որ Չինաստանի իր զաւակներուն պարգեւէ կարողութիւնը` ամէն մէկ իրադարձութեան մէջ նշմարելու Աստուծոյ սիրալիր ներկայութեան նշանները, որ միշտ կը հիւրընկալէ եւ կը ներէ։ ''Այս Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ ընթացքին թող որ Չինաստանի կաթողիկէները, այլ կրօնական ազնիւ աւանդութիւններուն հետեւորդներուն հետ միասին, դառնան եղբայրսիրութեան եւ հաշտութեան շօշափելի նշան, զարգացնելով հանդիպումի իսկական մշակոյթ մը եւ համայն ընկերութեան ներդաշնակութիւնը'' ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապ կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքի առթիւ։

Նշենք նաեւ թէ այսօր կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ երկիր կատարած ( 24-26 մայիս 2014) առաքելական այցելութեան երկրորդ տարեդարձը։ Այցելութիւն մը որուն ամենէ յատկանշական  պահը հանդիսացաւ Պօղոս Զ Քահանայապետը եւ Աթենակորա Պատրիարքի միջեւ 50 տարիներ առաջ կայացած (5 յունուար 1964) հանդիպման յիշատակութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսի միջեւ կայացած հանդիպումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.