2016-05-23 12:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ալ Ազհար համալսարանի Իմամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 23 մայիս 2016ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հռոմի Քաղաքապետարանի արտակարգ գերատեսուչ Տիար Փաոլօ Թրոնքա եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը, որմէ ետք յաջորդաբար ընդունեց Ալիթալիա ընկերութեան Նախագահ` Տիար Լուքա Քորտէրօ Տի Մոնթեծեմոլօ եւ անոր կողակիցը, Տիար Ռաֆֆայելէ Քանթոնէ` Իտալիոյ Հակա - կաշառակերութեան գրասենեակի նախագահն ու անոր կողակիցը, Աստուածային Պաշտամունքի եւ խորհուրդներու մատակարարումի ժողովի քարտուղար` գերապայծառ Արթուր Ռոշը։

Ժամը 12-ին Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Եգիպտոսի Ալ Ազհար համալսարանի աւագ Իմամ` Փրոֆ Ահմատ Մուհամմատ Ալ Թայիպին որ առաջին անգամուայ համար Վատիկան ժամանած է, միջ-կրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Ժան Լու Թոռանի հրաւէրով, որպէս Իսլամ – Քրիստոնեայ երկխօսութեան ամրապնդումի նշան։

Նշենք թէ Ալ Ազհար համալսարանի Իմամ Շէյխ Ահմատ Մուհամմատ Ալ Թայիպ Սիւննի իսլամներու համաշխարհային համբաւ ունեցող կարեւոր անձնաւորութիւններէ մին է որ  Իսլամական Փիլիսոփայութեան ուսումը աւարտած է Ֆրանսայի Սորպոնի համալսարանի մէջ։ Ան Ալ Ազհար համալսարանի աւագ Մուֆթի նշանակուած է 2010-ին։

Ալ Ազհար համալսարանը  նկատուած է աշխարհի ամենահին համալսարաններէն մին։ Ան իսլամական դաստիարակութեան ու կազմաւորումի ինչպէս նաեւ Սիւննի իսլամութեան իրաւագիտական կարեւոր մէկ կեդրոնն է։

Շէյխ Մուհամմատ Ալ Թայիպ` միշտ հակառակ եղած է իսլամական ծայրայեղականութեան ու դատապարտած է իսլամութեան անունով գործադրուած ահաբեկչական արարքները ու յատկապէս այսպէս կոչուած Իսլամական Պետութիւնը` ու անոր գործադրած վայրագութիւնները։  Այս առընչութեամբ Ան օրէնք մը հրապարակած է,  դուրս վտարելու բոլոր այն աշակերտները որոնք կը հպին իսլամական ծայրայեղ խմբաւորումներուն։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնի  հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուի թէ Ալ Ազհար Համալսարանի Մուֆթիի եւ Քահանայապետի միջեւ կայացած հանդիպումը տեւեց 30 վայրկեան որուն ընթացքին երկու կրօնապետերը ընդգծեցին հանդիպումի իմաստն ու  կարեւորութիւնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Մահմետականութեան միջեւ երկխօսութեան շրջագիծէն ներս։ Զրոյցները ապա կեդրոնացան մեծ կրօններու իշխանութիւններուն ու հաւատացեալներուն միասնական յանձնառումին վրայ, ի սպաս աշխարհի խաղաղութեան, բռնութիւններու եւ ահաբեկութեան մերժումին ինչպէս նաեւ ի յայտ դրուեցաւ  քրիստոնեաներու`  Միջին Արեւելիքի մէջ կայացած հակամարտութիւններու եւ լարուածութիւններու շրջագիծէն ներս իրավիճակը ու անոնց պաշտպանութեան հարցը։

Քահանայապետը Աւագ Իմամին նուիրեց խաղաղութիւնը յատկանշող ձիթենիի Մետալ մը եւ ''Գովեալ Ըլլաս'' շրջաբերականին մէկ օրինակ մը։

Աւագ Իմամը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպման աւարտին իրեն ընկերացող շքախումբին հետ միասին հանդիպում ունեցաւ նաեւ` միջ-կրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Ժան Լուի Թոռանի ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան հետ։

Աւագ Իմամը առաքելական պալատը թողուց ժամը 13-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.