2016-05-23 10:14:00

ՏԵՕ կազմակեպութեան տեղեկագիրը Իսրայէլի քրիստոնեաներու կացութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Մոլեռանդ ու ծայրայեղ Ռաբբունապետերը ահ ու թողի մէջ կը պահեն Իսրայէլի քրիստոնեաները։ Քրիստոնեաներու ու մահմետականներու ոխերիմ թշնամի մոլեռանդ ու ծայրայեղ րաբունապետ Bentzion Gopstein, պարագլուխը Lehava խումբին, հրապարակաւ  պահանջած է  քրիստոնեաներուն ու մահմետականներուն հեռացումը Իսրայէլէն։ Ան Օգոստոս 2015-ին պաշտօնապէս խնդրած է կառավարութենէն այրել երկրին մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցիները։ Իսկ Դեկտեմբերին խնդրած է արգիլել Յիսուսի ս. Ծնունդի տօնակատարութիւնը։

Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութիւնը Gopstein-ի յաճախակի սպառնալիքները կը նկատէ հակառակ  խաղաղ համակեցութեան եւ այս առընչութեամբ պաշտօնական ամբաստանութիւն ներկայացուցած է անոր դէմ որ վերջերս հարցաքննութեան ենթարկուած է ոստիկանութեան կողմէ։

Նշենք թէ Ռաբբունապետ Bentzion Gopstein,անցեալին բազում անգամներ հարցաքննութեան ենթարկուեցաւ ու ձերբակալուեցաւ, սակայն բնաւ չէ դատապարտուած։

Իսրայէլի քրիստոնեաները վախի մէջ են եւ մտահոգ որ ծայրայեղները անսալով իրենց մոլեռանդ պարագլուխին սկսին եկեղեցիները այրել, ինչպէս անցեալ Յունիս 2015-ին այրեցին Հացի ու ձուկի բազմացումի եկեղեցին։

2012ին Երուսաղէմի յոյն օրթոտոքս վանքի պատին վրայ գրած էին հետեւեալ արձանագրութիւնները. ''Մահ քրիստոնեաներու, վաղը ձեզ պիտի խաչենք''։ Իսկ անցեալ Յունուարին Վերափոխման եկեղեցւոյ պատերուն վրայ դարձեալ ի յայտ եկան հակա-քրիստոնէական գրութիւններ։ 

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւնը կազմակերպութիւնը այս առընչութեամբ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը բացայայտէ Իսրայէլի մէջ Քրիստոնեաներու ապրած իրավիճակը յուսալով որ Իսրայէլի կառավարութիւնը աշխատի  այլ կրօններու յարգանքի ի սպաս կազմաւորումին ու հանդուրժողութեան եւ համակեցութեան  դաստիարակումին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.