2016-05-23 10:05:00

Մերքել խոր մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ կարգ մը զարգացումներու վերաբերեա


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր` անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ որդեգրուած նոր որոշումին, որ կ՛արտօնէ սահմանադրական շարք մը փոփոխութիւններ կատարել` երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու համար, յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը պիտի քայքայուի:

«Եթէ այս փոփոխութիւնը յանգեցնէ քաղաքական բանավէճերու կրճատման, ապա Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը պիտի քայքայուի», նշած է Թոնըր:

Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ մտահոգութիւն ունին, որ որդեգրուած որոշումը կրնայ բացասաբար ազդել Թուրքիոյ տարածքին մէջ խօսքի ազատութեան վրայ: «Թէեւ որոշումը վիճայարոյց կամ մտահոգող է, սակայն կը հաւատանք, որ քաղաքական բովանդակութեամբ մտքի ազատութիւնը պէտք է ապահովուի: Ասիկա առաւել կարեւոր է, երբ խօսքը կը վերաբերի երկրի քաղաքացիներուն կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչներուն», ըսած է Թոնըր:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իր կարգին խոր մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ կարգ մը զարգացումներու վերաբերեալ եւ խոստացաւ «դռնփակ եւ հրապարակային հանդիպումներու ընթացքին քննարկել այն հարցերը, որոնց շուրջ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի»:

«Անշուշտ Թուրքիոյ մէջ կարգ մը զարգացումներ մեծ մտավախութիւններու աղբիւր են», ըսաւ ան եւ «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ մեծաթիւ ընդդիմադիր երեսփոխաններու անձեռնմխելիութեան ջնջման հաւանականութեան նկատմամբ, որ ըստ իրեն,  ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ քիւրտ քաղաքագէտներուն վրայ:

«Մենք հրապարակային եւ դռնփակ հանդիպումներու ընթացքին միշտ սեղանի վրայ պիտի դնենք որեւէ երկրի զարգացման զգայուն կողմերը», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի, թէ Թուրքիան ինչպէ՛ս կը գործադրէ իր ստանձնած յանձնառութիւնները:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.