2016-05-23 10:39:00

Հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին վրայ իրավիճակը կը մնայ անփոփոխ։


Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պետական սահմանի ուղղութեամբ իրավիճակը նախորդ գիշեր մնացած է նոյնը: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

ՀՀ ՊՆ յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Մայիս 22-ի լոյս 23-ի գիշերը հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիի ամբողջ երկայնքով գործող իրավիճակը չէ փոփոխուած: Ատրպէյճանական կողմը շարունակած է տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ անկանոն կրակոցներ արձակել սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածի ուղղութեամբ:

«ՀՀ զինուած ուժերը կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակը եւ վստահօրէն կ՛իրականացնեն առաջադրուած խնդիրները»:

ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն` անցած գիշեր ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ եւս իրադրութիւնը շարունակած է մնալ հանգիստ:

Հակառակորդը կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը խախտած է տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը պահպանած են կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել մարտական դիրքերու պահպանութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.