2016-05-22 12:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 22 Մայիսի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 22 Մայիս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը` Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աղօթքէն առաջ,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,  սովորութեան համաձայն, խորհրդածութիւն մը ներկայացուց որուն մէջ անդրադարձաւ օրուան ծիսական տօնին` Սուրբ Երրորդութեան տօնը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ նորին Սրբութիւնը, այսօր` Տօն Սուրբ Երրորդութեան, Յովհաննէսի Աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ այն հատուածը ուր Յիսուս իր չարչարանքներէն առաջ հրաժեշտի երկար ճառ մը կ՛ուղղէ, որուն մէջ աշակերտներուն կը բացայայտէ իրեն հայող ճշմարտութիւններ, ինչպէս նաեւ իր յարաբերութիւնը Հօր եւ Սուրբ Հոգւոյն հետ։

Յիսուս, ըսաւ Քահանայապետը, գիտակից է թէ ժամը հասած է իրագործելու համար Աստուծոյ ծրագիրը որ պիտի իրականացուի իր մահով եւ յարութեամբ եւ ասոր համար կ՛ուզէ իրենինները ապահովեցնել որ զիրենք պիտի չի լքէ որովհետեւ իր առաքելութիւնը կը շարունակուի Սուրբ Հոգիի ներկայութեամբ։  Յիսուս առ այդ կը բացայայտէ թէ ինչի՞ մէջ կը կայանայ Սուրբ Հոգւոյն առաքելութիւնը որ կ՛օգնէ մեզ քալելու պատմութեան մէջ` հաստատ կերպով ամրապնդուած Աւետարանին եւ հաւատարիմ` մեր  աւանդութիւններուն ու սովորութիւններուն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հաստատեց թէ Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդը կը խօսի նաեւ մեր մասին, մեր` Հօր Աստուծոյ, Որդոյն ու Սուրբ Հոգիի հետ յարաբերութեան մասին։

Արդարեւ Սուրբ մկրտութեամբ Հոգին Սուրբ մեզ առաջնորդեց Աստուծոյ կեանքի սրտին մէջ­, որ է սէր եւ հաղորդութիւն։ Աստուած երեք անձերէ ընտանիք մըն է, որոնք այնքան զիրար կը սիրեն որ կը դառնան մէկ բան։ Այս Աստուածային ընտանիքը փակ չէ ինքնիր մէջ այլ բաց է ու կը խօսի արարչութեան ու պատմութեան ընդմէջէն - ըսաւ ապա Քահանայապետը ու նշեց թէ ''Սուրբ Երրորդութեան հաղորդութեան հորիզոնը մեզ բոլորս կը նեռարէ ու մեզ կը խրախուսէ ապրելու եղբայրական սիրոյ ու բաժնեկցութեան մէջ, այն վստահութեամբ թէ այնտեղ ուր սէր կայ, կայ նաեւ Աստուած։

Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն մեր էութիւնը մեզ կը կոչէ հասկնալու մենք մեզ որպէս յարաբերութեան մէջ էակներ, ու ապրելու փոխադարձ սիրոյ եւ զօրակցութեան միջ-անձնական յարաբերութիւն մը, ըլլայ ընկերութեան, ըլլայ ընտանիքի­, ըլլայ բարեկամական եւ աշխատանքի կապերուն մէջ,  ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը ընդգծելով թէ Սուրբ Երրորդութեան տօնը մեզ կը հրաւիրէ յանձնառու ըլլալ առօրեայ իրադարձութիւններու ընթացքին, ու դառնալու հաղորդութեան, մխիթարութեան եւ ողորմութեան թթխմոր։ Եւ այս առաքելութեան մէջ մեզի թիկունք կը կանգնի Սուրբ Հոգին մեզի շնորհած զօրութեան պարգեւով որ կը դարմանէ մարդկութեան` անարդարութեան, հարստահարումներու, ատելութեան  եւ ագահութեան վէրքերը։

Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը իր հեզութեամբ, որով ընկալեց Հօր կամքը եւ յղացաւ Որդին Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ, մեզ օգնէ ամրապնդելու համար Սուրբ Երրորդութեան Խորհուրդի մէջ մեր ունեցած հաւատքը որպէսզի զայն մարմնացնենք սիրոյ եւ միութեան դիրքորոշումներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.