2016-05-22 12:20:00

Աղօթենք Մարդկայնական Վեհաժողովի մասնակիցներուն ու Չինաստանի Կաթողիկէներուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 22 մայիս 2016-ին Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած Խորհրդածութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները վերյիշեց թէ շաբաթ օր` (21 մայիսին) Իտալիոյ Քոզենցա քաղաքին մէջ. երանելի հռչակուեցաւ Հայր Ֆրանչեսքօ Մարիա Կրեքոն ապա ակնարկեց ''Մարդկայնական համաշխարհային առաջին վեհաժողովին'' որ տեղի պիտի ունեցայ Իսթանպուլի մէջ եւ որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Վատիկանեան մէկ պատուիրակութիւնը կարդինալ Փարոլինի գլխաւորութեամբ­­, հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթքով ընկերանալու վեհաժողովին մասնակցողներուն, որպէսզի յանձնառու ըլլան լիութեամբ իրագործելու մարդկային հիմնական նպատակակէտը, այն է ''փրկել ամէն մարդ արարածի կեանքը, առանց բացառութեան, ու յատկապէս անմեղներունը եւ անպաշտպաններունը''։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ յառաջիկայ 24 Մայիսին, հոգեպէս պիտի միանանք Չինաստանի կաթողիկէներուն, որոնք այդ օր կը տօնախմբեն ''Քրիստոնէից օգնական'' Շանկհայի Շեշանի տիրամօր տօնը։ Մարիամէն խնդրենք որ Չինաստանի իր զաւակներուն տայ կարողութիւնը ամէն մէկ իրադարձութեան մէջ շօշափելու Աստուծոյ սիրալիր ներկայութեան նշանները, որ միշտ կ՛ընկալէ եւ կը ներէ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ աւելուց ''Այս Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ ընթացքին թող որ Չինաստանի կաթողիկէները, այլ կրօնական ազնիւ աւանդութիւններուն հետեւորդներուն հետ միասին, դառնան եղբայրսիրութեան եւ հաշտութեան շօշափելի նշան, զարգացնելով հանդիպումի իսկական մշակոյթ մը եւ համայն ընկերութեան ներդաշնակութիւնը։ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ողջունեց հրապարակը համախմբուած զանազան խումբերը ապա հրաժեշտ առաւ ներկաներէն անոնց մաղթելով բարի Կիրակի ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.