2016-05-21 09:29:00

Տօն Սրբուհի Ռիթայի՝ Անյոյս Դատերու Փաստաբան։


Կիրակի 22 Մայիս 2016, Տօնն Է Սրբուհի Ռիթայի՝ Անյոյս Դատերու Փաստաբանուհին։

Անկարելի բաներու սրբուհին՝ (այսպէս կը կոչուի Սրբուհի Ռիթա) ծնած էր 1381-ին Հռոմէն ոչ շատ Հեռու Ումպրիոյ  Քաշա գիւղը բարեպաշտ ու խոնարհ ծնողներէ։Անոր կեանքը ողբերգութիւններով լի եղաւ,հակառակ որ կ՝ուզէր վանք մտնել ու ինքզինք նուիրէր Աստուծոյ սակայն ծնողներուն հնազանդելով ամուսնացաւ եւ ունեցաւ երկու զաւակ, սակայն կորսնցուց զանոնք ու երբ այրի ու որդեկորոյս դիմեց Օգոստինեան Քոյրերու վանքը զինք չընդունեցան։ Աղօթքի ուժով,Սուրբերու եւ նոյնինքն Սուրբ Օգոստինոսի միջնորդութեամբ է որ բացուեցան Օգոստինեան Վանքի դռները իր առջեւ 1413ին։ 

1457ի Մայիս 22ին երբ իր աչքերը փակեց...պատահեցաւ զարմանալին..

Վանքի Զանգակները ինքնաբերաբար Ղօղանջեցին,առանց մէկու մը որ դպչի զանգակներուն։ Իր ճակտի վէրքը (Յիսուսի Փուշեպսակէն խոցուած էր մինչ կ՝աղօթէր)  փոխան գարշահոտութեան, անոյշ բոյր մը տարածեց ամէն կողմ։ 

Եւ Դարեր յետոյ ներկայիս ուխտաւորները որոնք կ՝այցելեն Քաշա, կրնան տեսնել անոր Մարմինը Անապական ու Անփուտ։  Մինչեւ այսօր ան կը հանգչի ապակիէ Դագաղի մը մէջ , կարծես թէ կը քնանայ ու տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներ կը դիմեն իրեն,կը համբուրեն անոր Սուրբ Մարմինը եւ Հրաշքներ Կ՝ընդունին։  Ան կը կոչուի նաեւ Անհաւատներու Սրբուհին։

Անյոյս Դատերու Փաստաբանուհին Սրբադասուեցաւ 1900ի՝ Մայիս 24ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.