2016-05-21 09:29:00

Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս ՝՝Դէպի կեանք շոգեկառք՝՝ ծրագիր


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, Casa Amica Onlus բարեսիրական հաստատութիւնը,  նախաձեռնած է ծրագիր մը, որուն խորագիրն է ՝՝ շոգեկառք մը դէպի կեանք՝՝  ծերանոցներու եւ բուժարաններու մէջ հիւրընկալուած հիւրերուն ու հիւանդներուն համար։

Ծրագիրը կը կայանայ հռոմի Թերմինի կայարանէն շոգեկառքով դէպի վատիկան փոխադրել եւ հոն  շրջապտոյտ կատարել վերոնշեալ հիւանդներուն հետ  ։

Վատիկան ժամանումին, հիւանդները պիտի շրջագային վատիկանի մէջ ապա պիտի անցնին Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարի սուրբ դուրէն, որմէ ետք անոնք հանդիպում պիտի ունենան Կարդինալ Ռավազիի հետ։

՝՝ Շոգեկառք մը դէպի կեանք '' ծրագիրը իր աւարտին կը հասնի   ՝՝գեղեցկութիւնը աշխարհը պիտի փրկէ, փրկենք գեղեցկութիւնը'' խորագիրով դասախօսութեամբ, որուն ներկայ կը գտնուին Իտալական մշակոյթի նախարար տիար Տարիօ Ֆրանչիսքինի եւ Քահանայապետական մշակութային խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի ։








All the contents on this site are copyrighted ©.