2016-05-21 10:46:00

Հաղորդակցութեան աշխարհի գործիչներու հանդիպում Ողորմութեան յոբելեանի տարւոյն առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Օգնել Եկեղեցիին որպէսզի իր աչքերը դէպի վեր ուղղէ ու հողի վրայ հաստատ չպահէ'' ըսաւ գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանօ` կառավարիչը ընկերային հաղորդակցութեան քարտուղարութեան, անցեալ 19 մայիսին, Ողորմութեան յոբելեանին ծիրէն ներս Լատերանի ս. Յովհաննէս Պազելիքային մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ընկերային հաղորդակցութեան ու գեղարուեստի գործիչները։

Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով գերապայծառ Վիկանօ յայտնեց թէ բոլոր գեղարուեստագէտները կերպով մը կը մասնակցին աշխարհի շունչին, Անոնք զգալի տեսութիւն ունին հանդէպ անտեսանելութեան։ Ան ապա մէջբերեց Պողօս Զ Քահանայապետիխօսքը ուղղուած գեղարուեստագէտներուն . ''Ձեր գեղարուեստական գործը կը կայանայ ըմբռնել անտեսանելին ու դրսեւորել զայն ձեր խօսքերով, գոյներով, ու ձեւերով ու այսպէսով կարող պիտի ըլլաք նկարագրել Ողորմած Աստուծոյ մեծ վայելչութիւնը։ Վստահ եմ որ երբ խօսքը բեղուն է ի վիճակի է հրապուրել մարդիկը ու անոնց սրտին մէջ արծարծել Աստուծոյ սէրը, հաւատքը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.