2016-05-20 08:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապը 23 Մայիսին Վատիկանի մէջ կ´ընդունի Ալ Ազհար մզկիթի իմամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 23 Մայիս 2016-ը պիտի հանդիսանայ պատմական թուական  քանի առաջին անգամուան համար Քահանայապետ մը ու Ալ Ազհար մզկիթի իմամ մը իրարու կը հանդիպին։

Արդարեւ ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ պիտի ընդունի Ալ Ազհար համալսարանի իմամ` Ահմէտ էլ Թայէպ։ Լուրը մամուլին հաղորդած է Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը ու Քահանայապետի բանբեր` Յիսոււսեան հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի։

Նշենք որ Շէյխ Ahmed Mohamed el-Tayeb սերտած է իսլամական մտածումը Փարիզի Սորպոն եւ Զուիցերիոյ ֆրիպուկ համալսարաններուն մէջ։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր ընտրութենէն ասդին միշտ աշխատած է կապ հաստատել ու բարւոքել յարաբերութիւնը իսլամ աշխարհին հետ։

2013ի Դեկտեմբերին Ալ Ազհարին որպէս պատուիրակ ուղարկած է Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարը գերապայծառ` Միկել Անճել Աեուզօ Կիսոն։ Նախապէս ֆրանչիսկոս Պապը` Ռամատանի տօնին առթիւ անձամբ պատգամ մը ուղղած էր իսլամ աշխարհին որուն մէջ գրած էր ´´այս տարի, առաջինը իմ քահանայապետութեանս,  ուզեցի անձամբ գրել այս աւանդական պատգամը որպէս նշան գնահատանքի ու բարեկամութեան հանդէպ բոլոր մահմետականներուն ու մասնաւորապէս կրօնապետերուն´´։

Նոյն տարուայ Սեպտեմբերին Նորին Սրբութիւնը անձնական պատգամ մը ուղարկեց Ալ Ազհարի Աւագ իմամին` Եգիպտոսի առաքելական դեսպանին միջոցաւ։ Մէկ ամիս ետք ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի մէջ ընդունեց  Գահիրէի Աւագ մուֆթին։

Մարտ 2014-ին Ալ Ազհարի համալսարանի մէկ ներկայացուցիչը Վատիկան եկաւ ստորագրելու միջ կրօնական համաձայնագիր մը` մարդկային էակներու ստրկութեան (գերեվաճառութեան) դէմ։ Հուսկ 24 Նոյեմբեր 2014-ին Եգիպտոսի հանրապետութեան նախագահ Abdel Fattah al-Sissi այցելութիւն կատարեց ֆրանչիսկոս Պապին, ի նշան երկխօսութեան վերահաստատումին Ս. Աթոռի ու Ալ Ազհար համալսարանի միջեւ։

Անցեալ Փետրուարին Միջ կրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարը` գերապայծառ Աեուզօ Կիսօ ընկերակցութեամբ Եգիպտոսի մօտ Ս. Աթոռի առաքելական դեսպան` գերապայծառ Bruno Musarò-ի այցելութիւն տուաւ Ալ Ազհար համալսարանին։ Այդ առթիւ գերապայծառ Աեուզօ Կիսօ` յանձնեց  կարդինալ Ժան Լուի Թոռանի` միջ կրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահին նամակը, որով կարդինալը կը յայտնէր իր տրամադրութիւնը ընդունելու Աւագ Իմամը ու զայն առաջնորդելու ֆրանչիսկոս Պապին, պաշտօնական այցելութեան մը ծիրէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.