2016-05-20 13:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Եուվենթուս եւ Միլան խումբերու մարզիկներուն


Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 20 մայիս 2016-ին՝ առաւօտեան ժամը 10-30-ին, Վատիկանի իր գրասենեակին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ յաջորդաբար ընդունեց Ֆրանսայի Լիոն թեմի Արքեպիսկոպոս կարդինալ Ֆիլիփ Պարպըրէն եւ Սպանիայի Վալենսիա թեմի Արքեպիսկոպոս Անթոնիօ Քանիզարես Լլովերան,  հուսկ՝ կէսօրին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական Ֆութպոլի  ազգային ախոյանական խաղերու մասնակցող Եուվենթուս եւ Միլան  խումբերու մարզիկներուն, որոնք շաբաթ 22 մայիսին պիտի խաղան  2016 տարեշրջանի  Ֆութպոլի   ախոյանական խաղերու  եզրափակիչ խաղը։

Այս առթիւ իր արտասանած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատելով երկու խումբերու մարզական որակը, եւ ակնարկելով  երկու խումբերուն յատկապէս երիտասարդ երկրպագուներուն,   հրաւիրեց    մարզիկները  միշտ  այնպէս վարուիլ,  ի յայտ դնելու մարդկային յատկութիւնները, ու վկայելու մարզանքի իսկական արժէքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատելով՝ թէ խումբի մը համբաւը արդիւնքն  է մարդկային բազմազան առաքինութիւններուն. Ներդաշնակութիւն, հաւատարմութիւն, բարեկամական եւ երկխօսութեան կարողականութիւն, ու զօրակցութիւն,  որոնք հոգեւոր արժէքներ  են եւ կը վերածուին մարզական արժէքներու, հրաւիրեց ներկաները մարզուելու  վերոնշեալ  բարոյական յատկութիւններու համար եւս,  առ աւելիով ի յայտ դնելու համար մարզանքի իսկական կէտնպատակը, նոյնիսկ եթէ անոնք երբեմն յատկանշուած   են բացասական երեւոյթներով։

Ֆրանչիսկոոս պապ ապա հրաւիրեց մարզիկները,  ցոյց տալու­, որ իրենցմէ  իւրաքանչիւրը Ֆութպոլի խաղցող մը ըլլալէ առաջ, անձ մըն է  իրեն սահմանափակումներով  եւ առաւելութիւններով,   եւ այս ուղղութեամբ յոյս յայտնեց որ իրենց խիղճը  միշտ լուսաւորուած ըլլայ նաեւ Աստուծոյ հետ յարաբերութեամբ։

՝՝Թող երբեք չի պակսի ձեր միջեւ  եղբայրութիւնը, փոխադարձ յարգանքը, ինչպէս նաեւ ներողամտութիւնն ու հասկացողութիւնը՝՝ ըսաւ Քահանայապետը ու քաջալերեց զանոնք  մարզանքի ախոյեաններ ըլլալէ անդին դառնալ  նաեւ  ու յատկապէս  կեանքի ախոյեաններ։ Դրսեւորեցէք միշտ այն ինչ որ բարի է գեղեցիկ  ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթելով , որ ոտնագունդի խաղը եւս դառնայ դրական պատգամ մը համայն ընկերութեան համար՜

Ֆրանչիսկսո Պապ Պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով  իրենց տուած այցելութեան համար ու խնդրեց մարզիկներէն որ միշտ աղօթեն իրեն համար  ապա բոլոր ներկաներուն ու անոնց  ընտանեկան պարագաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.