2016-05-20 10:07:00

Աստուծոյ Ողորմածութիւնը Քրիստոս՝ Փրկիչ


«Քրիստոս Իր ճշմարիտ շնորհքներու միջոցաւ եւ կամաւոր խոնարհութեամբ՝ կրեց մարմնաւոր եւ հոգեւոր բոլոր տառապանքները՝ բացի մեղքէ, որպէսզի արդարներուն ցոյց տայ փրկութեան ճանապարհը, եւ իր մեծ սիրոյ եւ նախախնամութեան հոգը՝ թէ ի՛նչպէս իր շնորհքներով կը կը սնուցանէ մարդոց հոգիները՝ երեւելի եւ աներեւոյթ բաներու մէջ. կը բուժէր հիւանդները, կը քաւէր մեղքերը, կը հալածէր դեւերը, կը յարուցանէր մեռեալները։ Ան կեանքի դուռը բացաւ եւ իր չարչարանքներով եւ մահուամբ ազատեց հոգիները։ Կատարեց բոլոր արդարութիւնները, մեր մարդկութեան իբր փառք եւ պարծանք, եւ եղաւ վարդապետ բոլոր արարածներուն։ Որպէսզի անոր առաքինութեան օրինակին հետեւելով, նաեւ հաղորդակից ըլլանք անոր փառքին, որ Քրիստոսի յուսացողներուն վերապահուած է։»

Այս տողերը, որոնք հաւանաբար Մեսրոպ Մաշտոցի գրչէն են, Յաճախապատում Ճառերու ԺԴ. գլխուն մէջ, մեզի կը ներկայացնեն փրկագործութեան արարքը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։

Աստուծոյ ողորմածութիւնը այնքան անսահման է, որ Ան Իր Որդին աշխարհ կʼուղարկէ, որ կը մարդանայ եւ իր վրայ կʼառնէ մարդկային տկարութիւնը եւ կʼենթարկուի օրէնքի՝ կատարելով արդարութիւնը։ Դա հրէական օրէնքն էր։ Յիսուս կը պատգամէ նոր ուխտը, աստուածային հեղինակութեամբ կու տայ նոր պատուիրաններ, սակայն խոնարհութեամբ կը կատարէ օրէնքը, ըլլալով օրինակ բոլորին։ Յիսուսի մարդեղութիւնը նուիրում ու շնորհք է՝ տրուած մարդկութեան առանց նախապայմանի։ Որպէսզի մարդը կարենայ հաշտուիլ Աստուծոյ հետ՝ Աստուած ինք կʼառնէ նախաքայլը, ինք կը մօտենայ մարդուն, կʼըլլայ մարդու նման։ Այսպէս, ինչպէս վերոյիշեալ հատուածի խօսքերուն մէջ կը կարդանք, Աստուած առանց դադարի մարդուն կը ցուցաբերէ սէր եւ խնամք։ Ցոյց կու տայ իր սէրը եւ նախախնամութիւնը բազմապատիկ ձեւերով եւ Իր ողորմածութիւնը՝ Որդւոյն չարչարանքներով եւ մահուամբ։ Որքա՛ն ծանր են մարդկութեան մեղքերը, որոնց համար Աստուծոյ Որդին կը թափէ իր արիւնը։ Աստուծոյ ողորմածութիւնը եւ սէրը յաւիտենական է, Անոր ներողամտութիւնը անսահման։ Մեղաւոր մարդուն առջեւ չի փակեր իր սիրտը, այլ կʼընդունի մարդը՝ բանալով անոր առջեւ կեանքի դուռը, ազատելով մարդը չարի խաւարէն, ազատելով զանոնք մահէն, մեղքի եւ դեւին ճիրաններէն։

Աստուած՝ մարդ արարածը հաղորդակից կը դարձնէ Քրիստոսի յարութեան, յաւիտենական կեանքի, ինքնին կեանքի. որովհետեւ իսկական մահը Աստուծմէ հեռու մնալն է, առանց Աստուծոյ տեսութեան, յաւիտենական խաւարի մէջ՝ ուր կորուսեալ հոգիները չեն վայելեր Անոր լոյսը, Անոր սէրը, Անոր փառքը, Անոր ողորմածութիւնը։ Որպէսզի սակայն մարդը հաղորդակից դառնայ Քրիստոսի փառքին, պէտք է նմանի Անոր օրինակին, առաքինազարդ կեանքով, եւ իբր Քրիստոսի հետեւող՝ ըլլալով վկան Անոր սիրոյն եւ ողորմածութեան՝ ինչպէս Ողորմութեան Յոբելինական Տարւոյն յորոդորն է՝ ուղղուած իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալի։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքի օրինակը Յիսուս է՝ իր սիրոյ եւ նուիրումի կեանքով եւ վարդապետութեամբ։ Յաճախապատումի յիշեալ տողերուն մէջ կը կարդանք, թէ Յիսուս «վարդապետ եղաւ բոլոր արարածներուն»։ Անոր ուսուցումը աստուածային է, հեղինակաւոր, ունի վաւերականութեան պահանջք։ Այն ինչ որ Յիսուս քարոզեց, նախ ինք ապրեցաւ – սէր, ողորմածութիւն, գթութիւն, խոնարհութիւն՝ աղօթքով ու պահքով, տառապանքով եւ խաչով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.