2016-05-19 10:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած խումբ մը նոր դեսպաններուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 19 Մայիս 2016ի առաւօտեան,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Սէյշելի, Թայլանտիայի, Էսթոնիայի Մալաուիի­, Զամպիայի եւ Նամիպիայի նոր անուանուած դեսպաններուն անոնց հաւատարմագրերու ներկայացումին առիթով։ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գոհունակութեամբ ընդունելով վերոնշեալ դեսպանները անոնց ուղղած իր ճառին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` իրենց ներկայացուցած Պետական Իշխանութիւններէն իրեն ուղղուած ողջոյններուն համար,  որոնց փոխարէն, ըսաւ Քահանայապետը, կը վստահեցնեմ իմ աղօթքներս եւ ամենաբարի մաղթանքներս, Աստուծմէ հայցելով որ շնորհէ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն բոլոր քաղաքացիներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ակնարկելով ապա դեսպաններուն զանազան ազգերու, մշակոյթներու եւ կրօնական դաւանանքներու պատկանելիութեան հաստատեց թէ անոնց ներկայութիւնը այսօր կը վերակոչէ այն իրողութիւնը թէ ամէնքս միացած ենք միեւնոյն մարդկութեամբ եւ բաժնեկից  նոյն առաքելութեան որ է հոգ տանիլ ընկերութեան եւ արարչութեան, յատկապէս այս պահուս երբ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ մարդիկ կը տառապին պատերազմի եւ հակամարտութիւններու պատճառաւ, ինչպէս նաեւ բռնի տեղահանութիւններու եւ տնտեսական անկայունութեան  յառաջացոուցած դժուարութիւններուն պատճառաւ։

Այս բոլոր հարցերը ըսաւ Քահանայապետը կարիքը ունին ոչ միայն խորհրդածութեան այլեւ զօրակցական շօշափելի նշաններու, դժուար կացութեան մէջ ապրող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն նկատմամբ։ Եւ որպէսզի այս զօրակցական ծառայութիւնը ըլլայ արդիւնաւէտ հարկաւոր է որ  մեր ջանքերը հետապնդեն խաղաղութիւնը եւ իւրաքանչիւր անհատի բնական իրաւունքը ինչպէս նաեւ մարդկային ամբողջական զարգացումը։ Այս մէկը կարելի է երբ աշխատինք համագործակցաբար ու սատարենք մեր հասարակութիւնները դարձնելու խաղաղութեան արհեստաւորներ ինչպէս նաեւ ընկերային արդարութեան պահապաններ։

Մեր աշխարհը հետզհետէ մասնատուած է, յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը, դիտել տալով թէ  ''բազմաթիւ մարդիկ կը ձգտին կղզիանալու, ի տես դժուար իրականութեան ու շրջապատող վախերուն''։

''Պարտականութիւնն ունինք աշխարհին ցոյց տալու ստիպողական գաղթականութեան եւ բռնութիւններու թիրախ անհատներուն տառապանքն ու կացութիւնը, որպէսզի անոնց տկար ձայնը լսելի դառնայ'' կոչ ուղղեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ ''դիւանագիտական ուղին մեզ կ՛օգնէ ընդլայնելու այդ աղաղակը, յատկապէս հարցերու լուծման գծով ու անոնց դրդապատճառներու որոնումին ու անոնց ճանաչումին ուղիով, ինչպէս նաեւ բռնութիւն բանեցնողներուն զէնքի վաճառքը կասեցնելով ու վերջ դնելով մարդավաճառութեան երեւոյթին եւ թմրեցուցիչի վաճառքին։

Մինչ մեր խաղաղութեան ի սպաս ձեռնարկները քաջալերելու են անհատները մնալու իրենց հայրենիքին մէջ, այս պահուս կանչուած ենք հոգ տանելու գաղթականներուն, տիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով  ''քաջութիւնը ունենալ կառուցելու երկխօսութեան մշակոյթը'', զարգացնելով ապա ներառումի քաղաքականութիւնը որ յարգէ գաղթականին ինքնութիւնը ու միեւնոյն ժամանակ պահպանէ զանոնք ընկալող հասարակութիւններուն մշակոյթը,  երկու կողմերը հարստացնելով։ 

Սրբազան Քահանայապետը ճառը եզրափակեց դեսպաններուն միջոցաւ անոնց ներկայացուցած երկիրներուն մէջ ապրող կաթողիկէ հովիւներուն եւ հասարակութիւններուն ուղղելով ողջոյնի խօսք մը եւ քաջալերելով զանոնք միշտ աւելիով դառնալու յոյսի եւ խաղաղութեան պատգամաւորներ, յատկապէս այն փոքրամասնութիւն կազմող հասարակութիւնները որոնք յաճախ կը հալածուին իրենց հաւատքին համար, անոնց, ըսաւ Սրբազան Հայրը­, կը նորոգեմ` թիկունքս, աղօթքս եւ զօրակցութիւնս։

Սուրբ Աթոռը պատիւ ունի ձեր հետ ու ձեր ներկայացուցած երկիներուն հետ ամրապնդելու բաց եւ յարգալից երկխօսութիւն մը ու կառուցողական համագործակցութիւն, ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց դեսպաններուն նոր պաշտօնի բերումով փոխանցելով իր բարի մաղթանքները ապա բոլորներկաներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն վրայ հայցեց Աստուածային առատ օրհնութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.