2016-05-19 13:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապ՝՝մարդու շահագործումը հարստութիւն դիզելու համար մահացու մեղք է՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Գործի մէջ մարդիկ շահագործելը հարստութիւն դիզելու համար կը նմանի   արիւն ծծողներուն եւ կը նկատուի  մահացու մեղք։Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, հինգշաբթի, 19 մայիսին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան  մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին նիւթը։

Սրբազան Հայրը մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ Յակոբի թուղթէն քաղուած սուրբ գրային ընթերցումը ուր՝ առաքեալը կը յանդիմանէ հարուստները, որոնք մարդիկը շահագործելով հարստութիւն կը դիզեն ըսաւ ''հարստութիւնը ինքնին բարի է,  սակայն՝  յարաբերական է եւ  ոչ թէ բացարձակ  իրողութիւն''։ Ան ապա յիշեցնելով ՝թէ կարելի չէ ծառայել Աստուծոյ եւ հարստութիւններուն, հրաւիրեց ''սիրտը չկապել  հարստութիւններուն''։

Հարստութիւնները կրնան շղթայի վերածուիլ եւ մեզմէ խլել Յիսուսի հետեւելու ազատութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով՝ թէ ''այն մարդիկը որոնք հարստութիւն կը դիզեն շահագործելով աշխատաւորները, անոնք շահագործած կ՝ըլլան  մարդոց աշխատանքը եւ զանոնք ստրկութեան կը մատնեն''։ Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկելով ժամանակակից կացութեան եւ աշխատանքի սակաւութեան ու պակասութեան ինչպէս նաեւ աշխատաւորներու չարաշահումին ընդգծեց, թէ  աշխատանքի բերումով շահագործուած մարդոց արիւնը պաղատանք մըն  է ուղղուած Տիրոջ, աղերս արդարութեան։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ուկննդրութեան ընթացքին ներկայացուցած աղքատ ղազարոսի առակին հաստատելով,  թէ ոչ մէկը իր հետը կը տանի իր հարստութիւնները ապա հրարիրեց Մտաբերել մեր օրերուն տեղի ունեցող  ողբերգութիւնները.  մարդոց շահագործումը, ստրուկի վերածուած անձերուն արիւնը,  մամուկներու եւ պոռնիկներուն մարդավաճառութիւնը  եւ այսպէս կոչուած քաղաքավար մարդավաճառութիւնը ,այսինքն  հարստանալու նպատակով առանց առողջապահական ապահովագրութեան ու սեւ դրամով վճարուած աշխատանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.