Ռատիոտեղակայանքներէ (radar) անհետացած Egyptair օդանաւային ընկերութեան օդանաւը ինկած է Միջերկրական ծով: Այդ մասին յայտնած է «Մայատին» հեռուստաալիքը Twitter-ի իր էջին մէջ` վկայակոչելով Egyptair ընկերութեան աղբիւրները:
Աւելի ուշ «Ֆրանսփրես»-ը յայտնած է՝ EgyptAir ընկերութեան A320 օդանաւը ծով ինկած է յունական Կարպատոս կղզիէն ոչ հեռու: Կը Նշուի, որ Փարիզէն Գահիրէ թռչող օդանաւը կորսուած է ռատիոտեղակայանքներէ Յունաստանի օդային տարածք մտնելէն 20 վայրկեան անց:
Ընկերութիւնը յայտնած է, որ օդանաւին մէջ եղած են 56 ուղեւոր եւ անձնակազմի 10 անդամ: Ուղեւորներուն մէջ կայ 3 փոքրիկ երեխայ: Անոնց ճակատագիրը դեռ անյայտ է: Օդանաւը դուրս եկած է Շառլ տը Կոլի անուան օդակայանէն:
Եգիպտոսցի զինուորկանները ժամանած են աղէտի վայր եւ սկսած են օդանաւի մնացորդներու որոնումներուն:
Միջերկրական ծովի վրայ այսօր առաւօտեան Egyptair-ի անհետացած А-320 օդանաւը թողարկուած էր 2003 թուականին, անձնակազմը եղած է փորձառու:
All the contents on this site are copyrighted ©. |