2016-05-19 09:32:00

Իտալիոյ երկու քաղաքապետութիւններ կը Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը


 ԵՐԵՒԱՆ, «Անկախ».- Իտալիոյ Քանոզա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը Մայիս 16ին միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը. այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը։

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է. «Մինչ այդ, Ապրիլի 30ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը միաձայն ճանաչել էր նաեւ իտալական մէկ այլ քաղաքի՝ Չիվիթա Քասթելանայի խորհուրդը»:

Այսպիսով, Իտալիոյ մէջ տեղական իշխանութիւններու՝ նահանգային եւ քաղաքային խորհուրդներու մակարդակով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ հայ ժողովուրդին իրենց համերաշխութիւնը յայտնած են 107 խորհուրդներ, նշած է նախարարութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.