2016-05-19 12:45:00

Վենետիկի ցուցահանդէսին Հայաստանը պիտի ներկայանայ «Անկախ կենսապատկեր» խորագիրով


«Անկախ կենսապատկեր» խորագիրով հայկական տաղաւարը, տեղակայուած ըլլալով Վենետիկի սրտին մէջ` Հայկական փողոցին վրայ գտնուող Մխիթարեան Միաբանութեան Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ գաւիթի տարածքին, հանրութեան պիտի ներկայանայ իբրեւ Հայաստանի հետանկախութեան շրջանի կենսապատկերային (լանդշաֆտային) քարտէզագրման իւրօրինակ տարրալուծարան մը:

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հայաստանեան տաղաւարին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 26-ին, ժամը 16:00-ին:

Հայկական տաղաւարը պիտի կեդրոնանայ 1991 թուականէն մինչեւ մեր օրերը երկարող ժամանակահատուածի տարածական փոխակերպումներուն, անոնց տարբեր դրսեւորումներու ուսումնասիրման ու վերամեկնաբանման գործընթացներուն վրայ: Վենետիկի մէջ կայանալիք 15-րդ միջազգային ճարտարապետական ցուցահանդէսի ողջ ընթացքին շարք մը տարբեր գիտակարգեր ներկայացնող հետազօտող խումբեր պիտի փորձեն մեկնաբանել հայկական կենսապատկերու տարբեր բաղադրիչները:

Թեմատիկ ուսումնասիրութիւններու ընթացիկ արդիւնքները պիտի վերբեռնուին www.independentlandscape.am եւ www.venice2016.am կայքերուն մէջ, որ անմիջապէս պիտի արտացոլուի վենետիկեան տաղաւարի պաստառներուն` կարեւոր համարելով կատարուող աշխատանքներն ու գործընթացը, ինչպէս նաեւ վերջնական արդիւնքները:

«Այս տաղաւարը կու գայ ապացուցելու, որ այսօր իսկ, ամէն օր, մարդկային գործունէութեան իբրեւ արդիւնք Հայաստանի մէջ կը փոխուի կենսապատկերը, որ մօտ ապագային կրնայ յաւակնիլ վերածուելու մշակութային արժէքի եւ արժանանալու հասարակութեան կամ պետութեան հոգածութեան»,- կը նշէ համադրող Սարհատ Պետրոսեան:

Այս երեւոյթը առաւել յատկանշական դարձաւ 2000 թուականին ընդունուած կենսապատկերի եւրոպական պայմանագրին իբրեւ արդիւնք, որ մարդածին միջավայրի եւ անոր դրսեւորումներու յղացական սահմանները էականօրէն ընդարձակեց` համադրելով ձեռակերտ եւ բնական ժառանգութեան սահմանները ներկայ բնապահպանական դատողականութեան հետ:

Վենետիկի պիենալէի 15-րդ միջազգային ճարտարապետական ցուցահանդէսի Հայաստանի Հանրապետութեան տաղաւարի յանձնակատարն է ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը, յանձին` Վարդան Կարապետեանի, իսկ համադրողը` ճարտարապետ եւ քաղաքաշինարար Սարհատ Պետրոսեանը:

Տաղաւարը իրականացուած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան, «Պօղոսեան» հիմնադրամի, «Ռենկո» ընկերութեան, ամերիկահայ բարերար Վահէ Գաբրաշի աջակցութեան շնորհիւ` համագործակցելով «Թումո» ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի եւ «Ուրբանլաբ Երեւան» կազմակերպութեան հետ:

«Թանգարաններու միջազգային օրուան» ծիրէն ներս` Մայիս 18-ին, Է. Քոչարի անուան թանգարանին մէջ, ճարտարապետ եւ քաղաքաշինարար, համադրող Սարհատ Պետրոսեանը ներկայացուցած է Վենետիկի 15-րդ միջազգային ճարտարապետական պիենալէին` Հայաստանի ազգային տաղաւարի ցուցադրութեան հայեցակարգը:








All the contents on this site are copyrighted ©.