2016-05-18 11:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը ''La Croix'' օրաթերթին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնեայ Եւրոպան, աշխարհիկ ֆրանսան ու գաղթականներուն հիւրընկալութիւնը, ասոնք եղան ֆրանչիսկոս Պապին ֆրանսական ''Լա Քրուա''  օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցին նիւթերը։

Արդարեւ հանրածանօթ ֆրանսական ''Լա Քրուա'' օրաթերթի տնօրէն` Guillaume Goubert, և օրաթերթին Հռոմի թղթակիցը Sébastien Maillard, երկարաշունչ հարցազրոյց մը ունեցան ֆրանչիսկոս Պապին հետ, որուն պարունակութիւնը լոյս տեսաւ 17 Մայիս 2016ին։

Եթէ ֆրանսան Եկեղեցւոյ անդրանիկ դուստրն է, ներկայիս ան կարիքը ունի  վերաւետարանումի,  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը զրոյցի ընթացքին ակնարկելով նաեւ թէ պաշտօնական հրաւէր մը ընդունած է ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտէն ու երկրի եպիսկոպոսներէն. պաշտօնական այցելութիւն տալու Երկրին ու յայտնած է թէ պիտի այցելէ Մարսէյլ քաղաքը ուր` մինչեւ օրս ոչ մէկ Քահանայապետ գացած է։

Խօսելով աւետարանութեան մասին Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծած է աշխարհականներու դերը եկեղեցւոյ մէջ, նշելով օրինակը Քորէային ու անդրադառնալով ֆրանսական եկեղեցւոյ ներկայ հարցերուն մասին, մասնաւոր կերպով շեշտը դնելով նաեւ մանկամոլութեան հարցին վրայ։ Այդ ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը մատնանշած է թէ քահանային կոչումն է Աստուծոյ առաջնորդել հաւատացեալները և ոչ թէ զանոնք հեռացնել։ Մանկամոլ քահանան կը տարածէ չարը, ցաւ կը պատճառէ -ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապ, մէջբերելով Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետին խօսքը  '' զէրոյ հանդուրժողութիւն մանկամոլ քահանաներուն նկատմամբ''։

Պատասխանելով ապա ս. Պիոս Ժ եղբայրութեան մասին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ըսած է թէ ան ճանչցած է վերոյիշեալ եղբայրութիւնը երբ առաջնորդ էր Պուէնոս Այրեսի թեմին, եւ յայտնած է թէ այդ եղբայրութեան անդամները կաթողիկէ են և կ´ընթանան դէպի կատարեալ միութիւն։

Խօսելով հուսկ ընտանիքին հայող երկու եպիսկոպոսական սիւնհոդոսներու մասին,Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնած է թէ ինք աշխատած է հաւատարիմ մնալ երկու սիւնհոդոսներէն բխած ուղղութիւններուն, ընտանիքի սիրոյ գեղեցկութեան մասին յորդորագիրը հրատարակելով, որուն մէջ անդորր ու խաղարար խորհրդածութիւն մը ներկայացուցած է։

Անդրադառնալով ապա գաղթականներու հարցին` Քահանայապետը յայտնած է թէ ''բնականաբար կարելի չէ միշտ լայն բանալ դռները փախստականներուն ու գաղթականներուն առջեւ ու հրաւիրած է հարց տալ թէ ի՞նչու այսօր այսքան գաղթականներ կան''։ Այս երեւոյթին դրդապատճառն է, ըսած է Նորին Սրբութիւնը, համաշխարհային տնտեսական դրութիւնը, ուր մարդիկ դարձած են դրամի երկրպագուներ ու բարօրութեան եսասէր հետապնդողներ։

Իսլամութեան ու այդ կրօնի հանդէպ գոյացող վախին մասին անդրադառնալով Քահանայապետը հաստատած է թէ հարց տալու ենք թէ ի՞նչպիսի հանրավարական տիպար մը ներկայացուցինք մենք այդ երկիրներուն, ուր հզօր իշխանութիւն մը կը տիրէր, ինչպէս էր Իրաքի պարագան։ Ան ապա ընդգծած է թէ Իրականութեան մէջ քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ համակեցութիւնը կարելի է։

Հուսկ խօսելով ''աշխարհիկ'' պետութեան մասին ֆրանչիսկոս Պապը հաստատած է. երբ աշխարհիկ պետութիւնը  կրօնական ազատութեան հայող ամուր օրէնք մը ունի բարի եկած է։ Ամէն քաղաքացի պէտք է ինքզինք ազատ զգայ հրապարակաւ դրսեւորելու իր հաւատքը։ Եթէ իսլամ տիկին մը կ´ուզէ քող դնել, պէտք է իրաւունք ունենայ այդ մէկը կատարելու։ Նոյնպէս երբ քրիստոնեայ մը կ´ուզէ խաչ դնել, պէտք չէ սահմանափակուին անոր իրաւունքները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.