2016-05-18 12:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց Ուքրանացի մանուկները ''Կ՝աղօթեմ Ուքրանիոյ համար''


(Ռատիօ Վատիկան)  Նախաձեռնութեամբ՝ ՝՝մանուկները յանուն խաղաղութեան  բովանդակ աշխարհի համար'' ծրագրի` ընկերային միջազգային կազմակերպութեան, չորեքշաբթի, 18 մայիս 2016-՝ին,  չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ուքրանիայէն ժամանած 80 մանուկներէ  եւ 20 չափահասներէ կազմուած խումբ մը ։

Նշենք,  թէ  վերոնշեալ ընկերային ծրագիրը ծնունդ առած է` Ուքրանիոյ մէջ հունգարիոյ դեսպանատան նախաձեռնութեամբ` 1 դեկտեմբեր 2015-ին։

Ծրագրի պաշտօնական բացման առթիւ, 250 մանուկներ իրագործած են  2 մեթր երկայնքով եւ 1.5 մթ լայնութիւն ունեցող  Ուքրանիոյ աշխարհագրական քարտէսը, որուն վրայ  մանուկները  փակցուցած են ճերմակ թուղթով ձեւաւորուած  աղաւնիներ եւ որուն վրայ գրառած են իրենց կեանքի իղձերը։ Մանուկներու այս ծրագիրը արձանագրած է մեծ յաջողութիւն եւ հանրային ծրագիրներուն ծիրէն ներս  նկատուած է՝ երկրի խաղաղութեան ու բարիքին ի  սպաս՝  Ուքրանիոյ ամենէն մեծ քարտէսը։

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը  յատուկէն ողջունի  խօսք մը ուղղեց Ուքրանացի մանուկներուն  որուն մէջ  ըսաւ.

՝՝Սիրով  կ՝ողջունեմ Ուքրանացի մանուկները ու երկրի արեւելեան շրջանի մէջ  տակաւին գոյատեւող հակամարտութեան պատճառով` որբերն ու գաղթականները, ։  Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ կը վերանորոգեմ իմ աղօթքս, մինչեւ որ հոն կայուն խաղաղութիւն տիրէ,  որպէսզի Ան մխիթարէ յոյժ տառապանքի մէջ գտնուող  ժողովուրդը եւ  նոր սերունդներուն շնորհէ խաղաղ ապագայ մը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.