2016-05-18 09:51:00

Նախագահ Սարգսեանի օդանաւին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցը


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Վիեննայէն Երեւան վերադառնալու ճամբուն վրայ օդանաւին մէջ իրեն ընկերակցող լրագրողներուն հետ զրուցելով խօսած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն նախաձեռնութեամբ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին:

«Մենք պատրաստ ենք որեւէ ելքի, բայց մեր ցանկութիւնն է, որ այդ ելքը ըլլայ խաղաղ ճամբան: Մեր նպատակն է, որ մեր խնդիրները լուծենք խաղաղ ճամբով, բանակցութիւններով, բայց եթէ ազրպէյճանցիները դրժեն իրենց խոստումները, խախտեն զինադադարի պայմանները, մենք այլ ելք պիտի չունենանք, քան համարժէք պատասխանելը, իրականութիւնը այս է: Յոյսով ենք, որ խախտումները քիչ ըլլան: Ես չեմ կարծեր, որ վաղուընէ խախտումները կը բացառուին, բայց յոյս ունիմ, որ հանդարտ կ՛ըլլայ: Եթէ ազրպէյճանցիները դրժեն իրենց խոստումները, խախտեն զինադադարի պայմանները, մենք այլ ելք պիտի չունենանք, քան համարժէք պատասխանելը, իրականութիւնը այս է», շեշտած է նախագահը:

Հանդիպումը բաւարար նկատելով` նախագահ Սարգսեան յայտնած է, որ պէտք էր պարզաբանել, որ բանակցութիւնները արդեօք վերջնական փակուղի՞ մտած են: «Մեր նպատակն էր պարզել, թէ իրականութեան մէջ բանակցութիւնները մտա՞ծ են փակուղի եւ այլ ելք չկա՞յ, քան պատերազմիլը, թէ՞, այնուամենայնիւ, մենք կրնանք խնդիրը լուծել քիչ կորուստներով: Ընդհանուր առմամբ, ես եւ իմ գործընկերներս բաւարարուած ենք հանդիպումին արդիւնքներով:

«Մանրամասնութիւններուն անդրադառնալու անհրաժեշտութիւն չկայ` մեկնելով քանի մը հանգամանքներէ: Այդուհանդերձ, Ազրպէյճանի նախագահը վստահեցուց, որ իր երկիրը եւ ինք անձամբ նպատակ չունին պատերազմական գործողութիւններով հասնելու տագնապի լուծման», ըսած է նախագահը` ընդգծելով, որ ատիկա թէեւ լաւ է, սակայն մեծ հաւատք չի ներշնչեր: Արդարեւ, նման խօսակցութիւններ բազմիցս եղած են, սակայն քանի մը տարի է, որ համաձայնութիւնները չեն յարգուիր: «Մենք իրաւունք չունինք միայն մեր կանխատեսումներով առաջնորդուելու, որովհետեւ պատերազմը լաւագոյն լուծումը չէ, ուստի կը տեսնենք, թէ իրադարձութիւնները ինչպէ՛ս կը զարգանան: Բոլոր պարագաներուն մենք պատրաստ ենք որեւէ ելքի, վստահաբար, մեր ցանկութիւնն է, որ այդ ելքը ըլլայ խաղաղ ճամբան», նշած է Սերժ Սարգսեան:

Անոր համաձայն, զրուցած են այն մասին, որ որոշ ժամանակ ետք ճիշդ պիտի ըլլայ հանդիպում ունենալ: Հայաստան հանդէս եկած է կառուցողական առաջարկով. ուստի, նկատի ունենալով, որ խօսուած է զինադադարի դրութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ համանախագահներուն կողմէ դիտարկման դրութեան հաստատման մասին, ապա Հայաստան առաջարկած է, որ ատիկա հաստատուի մինչեւ յաջորդ հանդիպումը: Սերժ Սարգսեանի համաձայն, ատիկա պիտի ըլլայ կողմերուն դրսեւորած կառուցողական մօտեցումը:

Օդանաւին մէջ եղած զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայկական զինուած ուժերուն, նաեւ հողային կորուստներուն մասին շրջան ընող տեղեկութիւններուն: Նախագահը շեշտած է, որ հայկական զինուած ուժերը իրենց առջեւ դրուած խնդիրները կը կատարեն:

«Յաղթանակը կամ պարտութիւնը կախեալ է անկէ, թէ դուն ի՛նչ նպատակ դրած ես եւ արդեօք կրցա՞ծ ես հասնիլ քու նպատակիդ: Այստեղ ես չեմ ուզեր, որ մենք յետին թիւով եզրակացութիւններ կատարենք, կուրծք ծեծենք եւ ըսենք` մենք յաղթած ենք: Կրնաք հարցնել պաշտպանութեան նախարարութեան ամբողջ սպայակազմին, անոնց որոնց հետ ես հանդիպած եմ, կրնաք հարցնել մեր Անվտանգութեան խորհուրդի բոլոր անդամներուն, թէ ես ինչպէ՛ս կը տեսնէի իրադարձութիւններու զարգացումը տակաւին տարիներ առաջ եւ ի՛նչ տեղի ունեցաւ: Ես յստակ հարց դրած եմ մեր զինուած ուժերուն, անվտանգութեան համակարգին առջեւ, թոյլ չտալ ճակատի ճեղքում ու քայքայում: Այսինքն` ձախողեցնել հակառակորդի ծրագիրները: Կը կարծեմ` բոլորդ ալ համոզուած էք, որ ծրագիրները ձախողեցան», ըսած է Հայաստանի նախագահը:

Սերժ Սարգսեանի համաձայն, միշտ կարելի է ժողովրդահաճոյ յայտարարութիւններ կատարել եւ ըսել, որ` եթէ ինծի թոյլատրէին, ապա ես կ՛երթայի աւելի առջեւ: Ըստ անոր, նման բաներ կ՛ըսեն այնպիսի անձեր, որոնք իրենց կեանքին մէջ վառօդի հոտ չեն զգացած, մարդիկ, որոնք շատ հեռու են զինուորական գործէն: «Մեզի յաւերժ պատերազմ պէտք չէ: Մեզի պէտք չեն զինուած ուժեր, որոնք կ՛երթան  արկածախնդրութեան: Մեզի պէտք են զինուած ուժեր, որոնք վստահաբար կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած խնդիրները: Բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն խնդիրներ, թերութիւններ գտնել, գործին չեն աջակցիր: Անոնց նպատակը իրենց կատարած անպատասխանատու յայտարարութիւնները իրականութեան մօտ բերելն է», նշած է նախագահը:

Ան անդրադարձած է նաեւ տարածքներու կորուստին մասին խօսակցութիւններուն: «Գոյութիւն ունի քարտէս, գոյութիւն ունին պարզ հաշիւներ, բացի անկէ` գոյութիւն ունի գնահատական: Ինչ որ բան կորսնցուցած ես, բայց այդ բանը ի՛նչ նշանակութիւն ունի մարտավարական, ռազմավարական, հոգեբանական տեսանկիւնէն: Նախ եթէ զուտ մեթրով չափենք, ապա պէտք է ըսեմ հետեւեալը. հայկական ուժերը, իբրեւ անվտանգութեան գօտի, ունէին 800 հազար հեկտար, կորսնցուցած են 800 հեկտար: Մէկ հազարերրորդն ալ չկայ: Ռազմավարական կամ մարտավարական առումով այդ տարածքները որեւէ նշանակութիւն չունին, զուտ հոգեբանական առումով, այո՛, ազրպէյճանցիները կրնան իրենց ժողովուրդին համոզել, որ ինչ որ  արդիւնքի մը հասած են: Բայց կ՛ուզեմ համեմատութիւն մը կատարել: 800 հեկտար, եւ իւրաքանչիւր հեկտարի համար` մէկ զոհ, երկու վիրաւոր, ենթադրենք, ճիշդ թիւերը իրենք գիտեն: Բայց նոյնիսկ, եթէ կէս զոհ, մէկ վիրաւոր, նորէն շատ է: Համեմատեցէք եւ տեսէք, այդ 800 հազար հեկտարը գրաւելու համար ինչքա՛ն զոհ պիտի տային: Երբ ես կ՛ըսեմ, որ մեր զինուած ուժերը իրենց խնդիրը կատարեցին, հաւատացէք` մեր զինուած ուժերը ի վիճակի էին սթաթիւս քոն վերականգնել, ընտրութեան խնդիր էր: Արդեօ՞ք կ՛արժէ այդ 800 հեկտարին համար զոհել եւս 35, 40 կամ 80 հայրենասէր տղաներ, որոնց կարիքը տակաւին շատ պիտի  ունենանք», դիտել տուած է նախագահը:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն 








All the contents on this site are copyrighted ©.