2016-05-18 09:22:00

Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու յայտարարութիւնը Վիեննայի հանդիպումին մասին


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրները 16 մայիսին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին հրապարակած են յայտարարութիւն մը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եւ Ֆրանսայի եւրոպական հարցերու պետական քարտուղար Արլեմ Տեզիրի` ԵԱՀԿ-ի կայքին վրայ տեղադրուած միացեալ յայտարարութիւնը կը նշէ.

«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Ֆրանսայի եւրոպական հարցերու պետական քարտուղար Արլեմ Տեզիր` ներկայացնելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրները, 16 մայիսին հանդիպած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` յառաջ մղելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը: Անոնք վերահաստատած են, որ տագնապը չունի զինուորական լուծում եւ պնդած են 1994-ի զինադադարի եւ 1995-ի զինադադարի ամրապնդման մասին համաձայնագիրներու անշեղ իրագործման անհրաժեշտութիւնը:

«Նախագահները վերահաստատած են յանձնառութիւնը զինադադարի պահպանման եւ տագնապի խաղաղ լուծման նկատմամբ: Հետագայ բռնութիւններու վտանգը կրճատելու համար անոնք համաձայնած են ըստ կարելւոյն կարճ ժամանակի մէջ ամբողջացնել հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրումը: Նախագահները նաեւ համաձայնած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խմբակի կարողութիւններու յաւելման շուրջ: Անոնք համաձայնած են նաեւ անյայտ կորսուած անձերու տուեալներու փոխանակման գծով` Կարմիր խաչի հովանիին տակ, որուն շուրջ նախագահները համաձայնութիւն ձեռք բերած էին նաեւ հոկտեմբեր 2014-ին` Փարիզի վեհաժողովին ընթացքին:

«Նախագահները համաձայնած են տագնապի բազմակողմանի լուծման հասնելու բանակցութիւններու վերսկսման նպատակով կատարել քննարկումներու յաջորդ փուլը, որ պիտի կայանայ յունիսին, վայրին շուրջ տակաւին պէտք է համաձայնութիւն գոյանայ»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.