2016-05-18 09:40:00

Էքուատորի երկրաշարժէն մէկ ամիս ետք։


(Ռատիօ Վատիկան) Էքուատորի ողբերգական երկրաշարժէն մէկ ամիս ետք աւելի քան 120 հազար անչափահասներ զուրկ են դպրոցէն, անոնք կարիքը ունին ժամանակաւոր վայրերու որպէսզի կարողանան դպրոց յաճախել։

16 Ապրիլի երկրաշարժը պատճառեց 660 մեռեալ, կործանեց ջուրի բաշխումի դրութիւնը, կործանեց 33 դարմանատուներ եւ 560 դպրոցներ ու շուրջ 10 շէնքեր։

Աստուածային ծիսակատարութիւնները բացօթեայ կը կատարուին եկեղեցիներու պակասէն։ Ի տես այս ողբալի իրականութեան ՄԱԿի մանկութեան ֆոնտը օգնութեան կը հասնի երախաներուն որպէսզի կարողանան դպրոց յաճախել ու դաստիարակութիւն ստանալ։ Մանուկներու 30 տոկոսը պետական ապաստանարաններուն մէջ դաստիարակութիւն կը ստանան։ Մանուկներու 5-րդը սնունդի պակասէ կը տառապի, հարկաւոր է անոնց տալ էական սնունդ որպէսզի կարողանան վերապրիլ ու աճիլ, ըսաւ ՄԱԿի մանկութեան ֆոնտի ներկայացուցիչը։

Նշենք որ երկրաշարժը ի հետեւանքով աւելի քան 7.600 ընտանիքներ ժամանակաւոր տնակներու մէջ կ´ապրին, իսկ ուրիշներ´ վրաններու տակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.