2016-05-17 10:02:00

Լեհաստանի մէջ բիւրաւոր մարդիկ մասնակցած են կեանքի ու ընտանիքի ի նպաստ քայլարշաւին։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ կիրակի 15 Մայիս 2016-ին, բացումը կատարելով կեանքի ու ընտանիքի ի նպաստ քայլարշաւին որ տեղի ունեցաւ Լեհաստանի աւելի քան 140 քաղաքներու մէջ­, Բլոքի թեմին առաջնորդը´ գերապայծառ Piotr Libera ըսաւ ''կ´ուզենք Եւրոպայի մէջ մնալ եւ միաժամանակ կ´ուզենք որ յարգուի քրիստոնէական մկրտութեան, ամուսնութեան, ընտանիքի մեր ժառանգութիւնն ու ինքնութիւնը։ Զանգուածային մասնակցութիւնը մեր ժողովուրդին կ´ապացուցէ որ Լեհերը կը սիրեն իրենց ընտանիքը և կը մերժեն հեշտապաշտութիւնը''։

Նշենք որ կեանքի ու ընտանիքի ի նպաստ քայլարշաւը Լեհաստանի մէջ աւանդութիւնն մըն է։   








All the contents on this site are copyrighted ©.