2016-05-17 10:10:00

Զուիցերացի եպիսկոպոսները Թուրքիոյ մէջ ընդգծեցին միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Զուիցերիոյ եպիսկոպոսներու Թուրքիա այցելութեան առանցքը եղաւ միջկրօնական երկխօսութիւնը։ Եպիսկոպոսները Անգարայի ու Իսթանպուլի մէջ հանդիպում ունեցան քրիստոնեայ, իսլամ ու հրեայ բազմաթիւ ներկայացուցիչներուն հետ։ Կրօնի հարցերու պատասխանատու փրոֆեսոր Mehmet Görmez-ի հետ իրենց ունեցած հանդիպումին ընթացքին անոնք շեշտը դրին կրօններու փոխադարձ ճանաչումի կարեւորութեան վրայ ինչպէս նաեւ անհասկացողութիւնները յստակացումին ու խաղաղ համակեցութեան վրայ։

Յայտնենք թէ Զուիցերիոյ եպիսկոպոսները առիթը ունեցան տեսակցելու նաեւ Կ.Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարքի, Պուրսայի մետրապօլիտին ու գերապայծառ Լեւոն Զէքիյանին հետ` ''նախագահը Թուրքիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.