2016-05-16 10:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Առաքելութեան Միջազգային Օրուան առիթով


(Ռատիօ Վատիկան)  Կիրակի, 15 մայիսին, Թագուհի Երկնից աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց իր հրատարակած պատգամին տարւոյս 23 Հոկտեմբերին կայանալիք «Միսիոնարական Համաշխարհային Օրուան» առթիւ, որուն այս տարուայ բնաբանն է «Առաքեալ Եկեղեցին, Վկայ Ողորմածութեան» եւ որ կը բոլորէ 90-րդ տարին։

Սրբազան Պապը բացայայտելով առաքելութեան իմաստը, իր պատգամին մէջ կը գրէ՝ «Եկեղեցին հոգ կը տանի անոնց,  որոնք չեն ճանչնար Աւետարանը. որովհետեւ Եկեղեցին կը փափաքի, որ բոլորը փրկուին եւ ապրին Տիրոջ սիրոյ փորձառութիւնը։ Եկեղեցին առաքելութիւնն ունի աւետարանելու Աստուծոյ ողորմածութիւնը, որ Աւետարանի բաբախող սիրտն է, եւ քարոզել զայն աշխարհի բոլոր ծագերուն։»

Աստուած՝ ընկեր փոքրագոյններուն։

Առաքելութեան գործին մէջ, իւրաքանչիւրը տրամադրելի կը դարձնէ իր տաղանդները։ Իւրաքանչիւր արարածի հետ հանդիպման՝ Հօր Աստուծոյ սիրտը կը հրճուի - ա՛յս է Աստուծոյ ողորմածութիւնը։ Տէրը բարի է, ուշադիր, հաւատարիմ, եւ ընկեր կարիքաւորին։ Ան որպէս ծնողք կը մօտենայ բոլորին։

Առաքելութեան նուիրեալ կիներ՝ Աստուծոյ մայրական սիրոյ արտայայտութիւն։

Սրբազան Հայրը կը նկատէ, թէ առաքելութեան մէջ կանացի ներկայութեան աչքառու աճ մը տեղի կ՛ունենայ։ Աշխարհական կիներ, կամ կրօնաւորուհիներ, ինչպէս եւ ընտանիքներ կʼիրականացնեն իրենց իւրայատուկ առաքելական կոչումը՝ պատգամելով Աւետարանը եւ կամ գործելով սիրոյ ծառայութեամբ։ Յատկապէս կիներն ու ընտանիքներն են, որոնք ճշգրիտ կերպով կը հասկնան ժողովուրդի խնդիրները եւ գիտեն դիմագրաւել զանոնք պատշաճ կերպով։ Ընտանիքները գիտեն կառուցել ներդաշնակութիւն, յարաբերութիւններ, խաղաղութիւն, զօրակցութիւն, երկխօսութիւն եւ համագործակցութիւն։

Մարդացեալ Քրիստոսի մէջ կը ներկայանայ Հօր ողորմած կերպարը։

Սրբազան Պապը կը շարունակէ՝ «Անձնական կեանքը պէտք է վերածել ձրիատուր պարգեւի մը, սորվելով սիրել՝ այնպէս ինչպէս Տէրը մեզ կը սիրէ։ Այսպէս պիտի ըլլանք ողորմած՝ ինչպէս մեր երկնաւոր Հայրը։ Այս նպատակին կրնանք հասնիլ՝ հետեւելով Յիսուսի, մարմնացեալ Բանին ուսուցումին, որուն մէջ ողորմածութիւնը կը գտնէ իր գերագոյն իրականացումը։ Ան մեզի կը յայտնէ Հայրը, որ առատ է ողորմածութեամբ։»

Աւետարանումը նաեւ դաստիարակութիւն է։

Վերջապէս Սրբազան Պապը կʼընդգծէ, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ եւ մշակոյթ իրաւունքն ունի ստանալու փրկութեան պատգամը, որ Աստուծոյ պարգեւն է՝ տրուած բոլորին։ Ներումի եւ ողորմածութեան Աւետիսը կը բերէ ուրախութիւն եւ հաշտութիւն, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն։ Շատ մը տեղեր, ուր առաքելական աշխատանքը ճիգ ու ժամանակ չի խնայեր՝ Աւետարանումը դաստիարակչական գործունէութեամբ կը դրսեւորուի։ Հաւատքը Աստուծոյ պարգեւն է, որ կ՛աճի շնորհիւ հաւատքին եւ սիրոյն այն աւետարանողներուն, որոնք Քրիստոսի վկաներն են։








All the contents on this site are copyrighted ©.